ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անկլիքան եւ Հին Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջազգային յանձնախումբի անդամները, որոնք այս շրջանին իրենց հերթական ժողովը կը գումարեն մայրավանքի համալիրէն ներս։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Հանդիպման սկիզբին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց յանձնախումբի համանախագահները՝ Իրլանտայի Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ Մայքըլ Ճեքսըն Արքեպիսկոպոսը եւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմի առաջնորդ Անկելոս Արքեպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ միւս անդամները։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ յանձնախումբի աշխատանքներու ընթացքին շուրջ։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց յանձնախումբի հերթական ժողովին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուիլը։ Ան կարեւորեց եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը՝ ի նպաստ մարդկութեան առջեւ ծառացած մերօրեայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Այս առընչութեամբ Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ Հայ Եկեղեցին մշտապէս պատրաստ է, ըստ ամենայնի, աջակցելու նման նախաձեռնութիւններու։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի հայրենազրկուած հայութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն։ Ան կանգ առաւ նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան անաղարտ պահպանման եւ գերիներու վերադարձի խնդիրներուն վրայ։ Հայոց Հայրապետը համոզուած է, թէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ քրիստոնէական եկեղեցիներու միասնական հետեւողական ջանքերուն ներդրումը անոնց յաղթահարման եւ արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, իր գնահատանքը յայտնեց քոյր եկեղեցիներուն՝ այս ծանր ու դժուարին շրջանին հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան ու զօրակցութեան համար։

Իրենց հերթին յանձնախումբի անդամները Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալութեան եւ իրենց աշխատանքին ցոյց տրուած աջակցութեան համար։ Անոնք բաժնեցին Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կեցութեան օրերու տպաւորութիւնները։ Հիւրերը յայտնեցին, որ այցելութեան շրջանակներէն ներս առիթն ունեցած են նաեւ ի մօտոյ ծանօթանալու Արցախէ տեղահանեալ հայերու դժուարին կացութեան եւ այս կապակցութեամբ ընդգծեցին իրենց համերաշխութիւնն ու զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2024