ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Թիֆլիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սատոյեանը։ Շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման առթիւ՝ Վեհափառ Հայրապետը անոր մաղթեց արդիւնաւէտ առաքելութիւն՝ ի զօրացումն երկու երկիրներու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ հայ ու վրաց ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան առաւել ամրապնդման։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Վրաստանի հայ համայնքին, անոր առջեւ ծառացած զանազան մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներուն։ Այս առումով Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս կարեւորեց դեսպանատան գործակցութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմին հետ։ Զրոյցի վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը վերստին իր բարեմաղթանքները յղեց դեսպանին։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2017