ՏԱՐԵԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՅՈՐԴԱՆԱՆ ԳԵՏ

Յու­նուա­րի 22-ին, Ե­րու­սա­ղէ­մի Սրբոց Յա­կո­բեանց միա­բա­նու­թիւ­նը՝ հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի, ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն կազ­մա­կեր­պած էր դէ­պի Յոր­դա­նան գետ։ Այն վայ­րը, ուր ըստ ա­ւան­դու­թեան, տե­ղի ու­նե­ցած է մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի մկրտու­թիւ­նը:

Գե­տի ա­փին տե­ղի ու­նե­ցած է ջրօրհ­նէ­քի յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն: Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան կը մաս­նակ­ցէին նաեւ Յոր­դա­նա­նի Թա­գա­ւո­րու­թեան հա­յե­րը եւս, ինչ­պէս նաեւ՝ մեծ թի­ւով հայ ուխ­տա­ւոր­ներ:

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017