ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Ազգային ժողովէն խումբ մը երեսփոխաններ։ Այսպէս, Նորին Սրբութիւնը վեհարանի մէջ ընդունեց Հայաստանի խորհրդարանի «Իմ քայլը» խմբակցութեան խումբ մը պատգամաւորներ։ Խորհրդարանականները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան՝ գլխաւորութեամբ խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի։ Այս վերջինը հանդիպման ընթացքին նախ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց պատգամաւորները՝ յոյս յայտնելով, թէ նման այցելութիւնները շարունակական բնոյթ կ՚ունենան։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը ու նոյնպէս կարեւորեց Հայաստանի օրէնսդիր մարմնի եւ եկեղեցականներու միջեւ նմանօրինակ հանդիպումները։ Ան համոզուած է, թէ անոնք կ՚ունենան իրենց նպաստը փոխադարձ ճանաչման ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ նման հանդիպումներն ու զրոյցները միանշանակ պիտի ծառայեն ժողովուրդի եւ հայրենիքի շահերուն։
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երեսփոխաններու կարեւոր առաքելութեան եւ անոնց ուսերուն դրուած մեծ պատասխանատուութեան, օրէնսդրական դրութեամբ նպաստելու երկրի առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ քաղաքացիներու կեանքի կանոնակարգման։ Հայցելով երկնաւորի օգնականութիւնը երեսփոխաններու այդ կարեւոր յանձնառութեան համար՝ Վեհափառ Հայրապետը արձանագրեց, որ հայ հոգեւորականութեան տեսլականն ու ծրագիրներն ալ ուղղուած են նոյնպէս պետականաշինութեան գործին եւ Հայաստանի զօրացման։
Նորին Սրբութիւնը այս առումով ընդգծեց, որ օրէնսդիր մարմնի անդամներն ու եկեղեցականները ունին նախանձախնդրութեան նոյն ոգին եւ նոյն գիտակցութեամբ կ՚առաջնորդուին՝ հայրենի երկիրը զօրեղ, ժողովուրդի կեանքն ալ բարօր տեսնելու առումով։
Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանի կեանքը յուզող զանազան երեւոյթներու, Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան, նաեւ հովուական, կրթական եւ ընկերային ոլորտներէ ներս գործունէութեան վերաբերեալ։ Մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայուեցաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու արդիւնաւորման եւ Հայաստանի զինեալ ուժերէ ներս եկեղեցականներու հոգեւոր ծառայութեան նկատմամբ։
Տեսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր։