ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ ՊԱՊԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Շա­բաթ, 23 Մա­յիս, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը գլխա­ւո­րու­թեամբ Տ. Եփ­րեմ Արք. Թա­պա­գեա­նի ու մաս­նակ­ցու­թեամբ միա­բան հայ­րե­րու, ժո­ղո­վա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, հրա­ժեշտ տուաւ ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն, անձ­նուէր ու հա­ւա­տա­րիմ հո­գե­ւո­րա­կա­նին, հմուտ հա­յա­գէ­տին, ծի­սա­գէ­տին, աս­տուա­ծա­բա­նին եւ Տնօ­րէն ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ՝ Տ. Կո­րիւն Արք. Պա­պեա­նին։

Ա­ռա­ւօ­տուն, միա­բան հայ­րե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թեամբ Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան մա­տու­ցեց Ս. Պա­տա­րագ։ Յըն­թացս Ս. Պա­տա­րա­գի, հան­գու­ցեալ Սրբա­զան Հօր դա­գա­ղը միա­բան հայ­րե­րուն կող­մէ եկեղեցւոյ ա­տեա­նէն բե­րուե­ցաւ Ս. Խո­րան, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ վեր­ջին օծ­ման կար­գը՝ ձե­ռամբ Տ. Եփ­րեմ Արք. Թա­պա­գեա­նի եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ միա­բան հայ­րե­րու։

Ե­կե­ղե­ցիէն, իր հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րէն եւ բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուր­դէն հրա­ժեշտ առ­նե­լու հո­գե­թով շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, հան­գու­ցեալ Սրբա­զան Հօր դա­գա­ղը հեր­թա­բար դէ­պի Ա­րեւ­մուտք, Ա­րե­ւելք ու Հա­րա­ւա­կողմ դար­ձուե­ցաւ, որ­մէ ետք Եփ­րեմ Սրբա­զան սրբա­լոյս միւ­ռո­նով օ­ծեց հան­գու­ցեալ Սրբա­զան Հօր ճա­կատն ու ա­ջը եւ ըն­թեր­ցեց այս ա­ռի­թով գրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին գրած դամ­բա­նա­կա­նը, ուր ան հե­տե­ւեալ չորս կէ­տե­րով կը բնու­թագ­րէ հան­գու­ցեալ Սրբա­զան Հայ­րը.

Ա) Կո­րիւն Սրբա­զան ե­ղաւ Աս­տու­ծոյ, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դին նուի­րեալ ծա­ռան, բա­ռին վա­ւե­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ։ Հո­գե­ւո­րա­կա­նի կեան­քին ճամ­բան ու նպա­տա­կը ծա­ռա­յու­թիւնն է։ Հո­գե­ւո­րա­կա­նի կեան­քին ու գոր­ծին ար­ժե­չա­փը դար­ձեալ ծա­ռա­յու­թիւնն է։ Այս գի­տա­կից յանձ­նա­ռու­թեամբ Կո­րիւն Սրբա­զան, որ­պէս Աս­տու­ծոյ ծա­ռա­յու­թեան ուխ­տը կա­տա­րած հո­գե­ւո­րա­կան իր կեան­քը ապ­րե­ցաւ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայ­նա­կան կեան­քէն ներս։

Բ) Կո­րիւն Սրբա­զան ե­ղաւ ու մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջին րո­պէն մնաց մտա­ւո­րա­կան։ Գիրքն ու գի­րը իր կեան­քէն ան­բա­ժան մնա­ցին՝ նոյ­նիսկ հի­ւան­դու­թեամբ վա­րա­կուած վեր­ջին ա­միս­նե­րուն։ Հան­գու­ցեալ Սրբա­զա­նը ո՛չ միայն գիրն ու գիր­քը սի­րո­ղը ե­ղաւ, այլ նաեւ իր պա­տա­նե­կան օ­րե­րէն սկսեալ գե­-ղարուես­տա­կան գրա­կա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս մուտք գոր­ծեց եւ ա­ւե­լի հա­սուն տա­րի­նե­րուն՝ բա­նա­սի­րա­կան կա­լուա­ծէն։

Գ) Կո­րիւն Սրբա­զա­նը ե­ղաւ ու մնաց հա­ճե­լի ու սի­րե­լի անձ մը իր շրջա­պա­տին։ Ստանձ­նած բո­լոր պաշ­տօն­նե­րուն ըն­թաց­քին, կեան­քի ու­րախ թէ տխուր պայ­ման­նե­րուն զուար­թա­խօ­սու­թիւ­նը միշտ մնաց տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն՝ նոյ­նիսկ իր երկ­րա­ւոր կեան­քի վեր­ջին օ­րե­րուն։ Հա­ճե­լի էր զինք լսել երբ ան գրա­կան պատ­կեր­նե­րով ու դար­ձուածք­նե­րով դէպ­քերն ու հար­ցե­րը կը ներ­կա­յաց­նէր անձ­նա­կան խօ­սակ­ցու­թեան թէ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին։

Դ) Կո­րիւն Սրբա­զան ե­ղաւ ու մնաց հա­ւա­տա­րիմ միա­բան Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան։ Ան մեր Սուրբ Ա­թո­ռին ծա­ռա­յեց եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Զա­րեհ, Խո­րէն եւ Գա­րե­գին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետ­նե­րու գա­հա­կա­լու­թեան շրջան­նե­րուն։ Պատ­կա­նե­լով մեր միա­բա­նու­թեան ե­րէց սե­րուն­դին, ան ապ­րե­ցաւ մեր Սուրբ Ա­թո­ռին ու­րախ թէ տագ­նա­պա­լից օ­րե­րը՝ բո­լոր պայ­ման­նե­րուն մէջ մնա­լով հնա­զանդ վե­հա­փառ­նե­րուն ու հա­ւա­տա­րիմ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան սկզբունք­նե­րու­ն:

Այ­նու­հե­տեւ, միա­բան հայ­րե­րը խո­րան բարձ­րա­ցան ու եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ համ­բու­րե­ցին հո­գե­լոյս Սրբա­զա­նին օ­ծեալ ճա­կատն ու ա­ջը։ 

Ս. Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, միա­բան հայ­րեր դա­գա­ղը ու­սամ­բարձ ա­ռաջ­նոր­դե­ցին Զա­րե­հեան յու­շար­ձան-դամ­բա­րան, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­րեզ­մա­նի կար­գը։ Ա­պա, միա­բան հայ­րեր հան­գու­ցեալ Սրբա­զան Հօր դա­գա­ղը ի­ջե­ցու­ցին իր վեր­ջին հանգս­տա­րա­նը՝ Կի­լի­կեան Ուխ­տի միա­բա­նա­կան դամ­բա­րան, ուր Տ. Վա­ղի­նակ Ծ. Վրդ. Մե­լո­յեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­ղի օրհ­նու­թիւնն ու գե­րեզ­մա­նի կնքու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։    

Իսկ Հինգ­շաբ­թի, 21 Մա­յիսին, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ, հո­գե­լոյս Սրբա­զա­նին հոգ­ւոյն հա­մար հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն կա­տա­րուե­ցաւ  Տիթ­րոյ­թի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015