ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԵՐՔԻՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ներ­քին թե­մե­րու քա­հա­նա­յից տա­րե­կան ժո­ղո­վը։ Այս­պէս, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ հա­մախմ­բուե­ցան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի 45 միա­բան­ներ եւ 184 քա­հա­նա­ներ, ո­րոնք հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի թե­մե­րէն ներս։ Հա­ւա­քին նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, ո­րու կող­քին էին թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­ներ։

Քա­հա­նա­յից տա­րե­կան ժո­ղո­վին առ­թիւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ Մայր Տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժա­մեր­գու­թիւն։ Ժո­ղո­վի սկիզ­բին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Շի­րա­կի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մի­քա­յէլ Եպսկ. Ա­ջա­պա­հեան, որ գլխա­ւո­րած էր կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը։ Քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան հո­վուա­կան, ծի­սա­կան կեան­քին, ինչ­պէս նաեւ քա­րոզ­չա­կան, կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան գոր­ծին վե­րա­բե­րեալ շարք մը խնդիր­ներ։

Քա­հա­նա­յից ժո­ղո­վը հան­դէս ե­կաւ նաեւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Այս առ­թիւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց ուխ­տը՝ հա­յոց ա­ռա­քե­լա­հաս­տատ սուրբ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ մայր հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ։ Քա­հա­նայ հայ­րե­րը զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րու պաշտ­պան քա­ջա­րի մար­տիկ­նե­րուն, խի­զախ հրա­մա­նա­տար­նե­րուն եւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րու սի­րա­սուն ան­դամ­նե­րուն նկատ­մամբ՝ ա­ղօ­թե­լով մնա­յուն խա­ղա­ղու­թեան եւ հա­յոց աշ­խար­հի ան­սա­սա­նու­թեան հա­մար։

Հա­ւա­քին մաս­նա­կից­նե­րը մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նե­ցին նաեւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի պայ­թիւ­նա­լի ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։ Քա­հա­նայ հայ­րե­րը յոյս յայտ­նե­ցին, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պի­տի գտնէ ու­ղի­ներ խա­ղաղ եւ ար­դար հան­գու­ցա­լուծ­ման հա­մար՝ ա­պա­հո­վե­լով նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­յոց անվ­տանգ կեան­քը։

Ժո­ղո­վը ա­ւար­տին հա­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեան խօս­քով։ Հայ­րե­նի­քի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար Նո­րին Սրբու­թիւ­նը առ Աս­տուած ա­ղօթք բարձ­րա­ցուց եւ անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խի վեր­ջին ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին թե­մե­րու եւ թե­մա­կան կա­ռոյց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան։ «Գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի են այն ո­գին ու նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը, զորս դրսե­ւո­րե­ցին մեր թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­ներն ու ե­կե­ղե­ցա­կան սպա­սա­ւոր­նե­րը։ Ա­նոնք ջա­նա­ցին կա­րե­լին ը­նել, որ­պէս­զի հնա­րա­ւոր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը հաս­նի հայ­րե­նեաց պաշտ­պան զի­նուոր­նե­րուն, ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ վի­րա­ւոր­նե­րուն», ը­սաւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2016