ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՇՆՈՐՀՈՒՄ

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծն. Ս. Աստուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ վար­դա­պե­տա­կան գա­ւա­զան եւ յա­տուկ իշ­խա­նու­թիւն յանձ­նուե­ցաւ Տ. Զա­տիկ Ա­բե­ղայ Պա­պի­կեա­նի։ Այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցած ա­րա­րո­ղու­թեանց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու ձե­ռամբ ալ Հայր Սուր­բը ստա­ցաւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տի աս­տի­ճա­նը։ Իր խար­տա­ւի­լակն էր Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ քա­հա­նայ հայ­րեր։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ա­րամ Սրկ. Պա­րո­նեան, Տիգ­րան Սրկ. Պես­քի­սի­զեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան ներ­կայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ՝ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ մը։

 

 

 

 

 

 

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015