Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՒ ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդները երէկ հանդիպում մը ունեցան Մարոնիտ եկեղեցւոյ Պըքերքէյի կեդրոնին մէջ։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն ալ մասնակցեցաւ այս հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ՝ Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռայի Պատրիարքին հրաւէրով։ Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Վատիկանէն Կարտինալ Փարոլին։
Հարկ է նշել, որ Լիբանանի մէջ՝ առանց այդ ալ դժուար պայմաններուն ներքեւ յառաջացած է նաեւ նոր նախագահ մը ընտրելու ուղղութեամբ տագնապ մը։ «Փոթորիկի մէջ մնացած Լիբանանի նաւը անմիջական կարիքը ունի նաւապետի մը», նշեց Կիլիկեան Աթոռի գահակալը երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին։
Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2024