ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անվտանգութեան, պաշտպանութեան գծով ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազոն, որ վերջերս այցելեց Երեւան։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի երկրորդ պատերազմի ծանր հետեւանքներուն, Արցախի ժողովուրդի եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անվտանգութեան խնդիրներուն, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս Արցախի թեմի հոգեւոր ու պատմամշակութային ժառանգութեան դէմ դրսեւորուած բարբարոսական վերաբերմունքին եւ հայկական սրբավայրերու պատկանելիութեան կերտման ձգտումներուն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021