ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ՝ ՀԲԸՄ-Ի ՈԳԻԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորած Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԵԸ) «Անդրանիկ» սկաուտական բանակումի մասնակիցներու բազմանդամ խումբը։ Արդարեւ, ծրագրի մասնակից երիտասարդները ուխտաւորաբար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեցին՝ վերանորոգելու համար իրենց ուխտը, զօրացնելու համար իրենց սէրը ազգային-հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ։ Բանակումի մասնակիցները համախմբուած են ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի Սուրիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Հայաստանի մասնաճիւղերէն։
Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց սկաուտները, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Ան ողջունեց սփիւռքահայորդիներու Հայաստանի մէջ համախմբումը, ինչ որ իր անջնջելի հետքը կը թողու երիտասարդներու կեանքին մէջ՝ առիթ ընձեռելով զօրանալու իրենց ինքնութեամբ, զգալու Մայր Հայաստանի շունչն ու ոգին եւ հաղորդակցուելու ազգային-հոգեւոր արժէնքներուն հետ։ Միեւնոյն ժամանակ ան բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ազգային կեանքէ ներս հայրենանուէր առաքելութեան իրականացումը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերուն ի նպաստ շարունակական զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կրթադաստիարակչական, մշակութային զանազան ծրագրերու խրախուսումը։
Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն պատգամեց՝ ՀԲԸՄ-ի ոգիին հաւատարիմ մնալ, ըլլալ ազգային ինքնութեան կրողը, առաջնորդուիլ ազգային շահերով եւ իբրեւ հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ արժանի զաւակներ յանձնառութեամբ շարունակել իրենց առաքելութիւնը յանուն հայոց կեանքի շէնացման։
Սկաուտներու խումբը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեց՝ գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի։ Վեհարանի հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էր՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։