ԿԻՊՐՈՍԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՀՐԱԺԱՐԱԾ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջը կը հա­ղոր­դէ.-

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Կիպ­րո­սի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Նա­րեկ Արք. Ա­լեէ­մէ­զեան հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։ Ան ար­դէն վե­րա­դար­ձած է Ան­թի­լիա­սի վան­քը: Հրա­ժա­րեալ ա­ռաջ­նոր­դը վեր­ջին օ­րե­րուն հրա­ժեշ­տի այ­ցե­լու­թիւն­ներ տուած է կղզիի գլխա­ւոր հա­մայն­քա­պե­տնե­րուն։ Բաց աս­տի, կիպ­րա­հայ հա­մայն­քին կող­մէ ող­ջեր­թի ընթ­րիք մըն ալ կա­զմա­կեր­պուած է ի պա­տիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան, որ վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դի պաշ­տօ­նը ստանձ­նած էր:

Հարկ է նշել, որ ան վեր­ջին ա­միս­նե­րուն հրա­ժա­րա­կա­նի նա­մա­կով մը դի­մած էր Մե­ծի Տանն Կի­լի­կոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ այս վեր­ջի­նը օ­րեր ա­ռաջ ըն­թացք տուած էր իր պա­հան­ջին։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Տ. Նա­րեկ Արք. Ա­լեէ­մէ­զեան պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րած է զուտ անձ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րով: Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Ան­թի­լիաս վե­րա­դառ­նա­լով պի­տի կա­րե­նայ յա­ճա­խա­կիօ­րէն Մոն­րէալ այ­ցե­լել՝ մօ­տէն հե­տե­ւե­լու հա­մար իր ծնող­նե­րու հո­գա­տա­րու­թեան հար­ցե­րուն: Ան նախապէս ղեկավարած էր Անթիլիասի միջեկե­ղե­ցական յարաբերութեանց գրա­սենեակր։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016