Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ։ Այս հաւաքոյթը եղաւ յատկանշական, որովհետեւ պատրաստուած էին երկու կարկանդակներ։ Առաջին կարկանդակը հատեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որովհետեւ Գումգաբուի Դրսի ընտանիքը փափաքած էր նշել իր քահանայական ձեռնադրութեան 43-րդ տարեդարձը։ Միւս կարկանդակը միասնաբար հատեցին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ եղբայրը՝ Տիգրան Սրկ. Պեսքիսիզեան, որոնք երէկ գիշեր մեկնեցան կատարել իրենց զինուորական պարտականութիւնը։

Թէ՛ նորին սրբազնութիւնը եւ թէ հայր սուրբը հանդէս եկան անկեղծ սրտի խօսքերով։ Սրահին մէջ ընդհանուր առմամբ ստեղծուեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտ մը։ Հաւատացեալները ծառայութեան բազում տարիներ եւ արեւշատութիւն մաղթեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Բոլորը հայր սուրբին եւ իր եղբօր ալ մաղթեցին բարի ծառայութիւն ու վերադարձ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 26, 2019