ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ե­րէկ, Ան­թի­լիա­սի մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ըն­տա­նի­քին եւ Անկ­լի­քան ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջեւ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան յանձ­նա­խում­բի հին­գե­րորդ նիս­տին։

Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ըն­տա­նի­քին մաս կը կազ­մեն Հայ Ե­կե­ղե­ցին, Ղպտի, Ա­սո­րի, Հնդկաս­տա­նի Մա­լա­պար, Հա­պէշ եւ Է­րիթ­րիոյ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը. իսկ Անկ­լի­քան ե­կե­ղեց­ւոյ մաս կը կազ­մեն աշ­խար­հի զա­նա­զան կող­մե­րը գտնուող Անկ­լի­քան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ե­պիս­կո­պո­սա­կան ե­կե­ղե­ցին։

1993 թուա­կա­նին սկսած աս­տուա­ծա­բա­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան նպա­տակն է քննար­կել դա­ւա­նա­կան ու ե­կե­ղե­ցա­բա­նա­կան եւ ընդ­հան­րա­պէս աս­տուա­ծա­բա­նա­կան այն­պի­սի հար­ցեր, ո­րոնց նկատ­մամբ յի­շեալ ե­կե­ղե­ցա­կան եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րը տար­բեր մօ­տե­ցում­ներ ու­նին։ Յանձ­նա­խում­բը պի­տի շա­րու­նա­կէ քննար­կել Ս. Հոգ­ւոյ բխման ու գոր­ծու­նէու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ հե­ղի­նա­կու­թեան հետ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նե­ցող նիւ­թեր։

Ժո­ղո­վը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Հոկ­տեմ­բե­րի 28-ը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016