ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽԹԱՆՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի միջեւ նախընթաց օր Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս հրապարակեցին Վեհափառ Հայրապետի եւ Սրբազան Պապի միջեւ տեղի ունեցած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ տուեալներ։ Այսպէս, ինչպէս հաղորդած էինք, Վատիկանի մէջ նախ տեղի ունեցաւ երկու հովուապետներու առանձնազրոյցը, որուն յաջորդեց Վեհափառ Հայրապետի ընկերակից պատուիրակութեան հետ հանդիպումը։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ ներկայ ջերմ եղբայրական յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան։ Արծարծուեցան Մերձաւոր Արեւելքէ ներս քրիստոնեայ համայնքներու առկայ խնդիրներուն, Երուսաղէմի մէջ եկեղեցիներու իրաւունքներու վերաբերեալ հարցեր։ Ընդգծուեցան մարդկութեան առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ, աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու համերաշխութեան հաստատման ի խնդիր քրիստոնէական եկեղեցիներու գործակցութեան առաւել խթանման եւ ջանքերու մէկտեղման անհրաժեշտութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ տեղ գտած վերջին քաղաքական զարգացումներուն ու երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման նպատակով ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական համակարգը ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Վեհափառ Հայրապետի՝ Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխի եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Արեւելեան եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու գծով խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի միջեւ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութիւններու շուրջ։ Այսպէս, խօսուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ կապերու զօրացման ուղիներուն շուրջ։ Քննարկման նիւթ դարձան նաեւ Արեւելեան ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու երկխօսութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուող հանդիպումներն ու համատեղ իրականացուելիք ծրագիրները։