ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԱՂՕԹԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Վատիկանէն հրապարակեց աւանդական «Հռոմին եւ աշխարհին» պատգամը։ Սրբազան Պապը այս առթիւ աղօթեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար։

Աւանդական պատգամին մէջ ան ցաւով յիշեց 2020 թուականի ռազմական հակամարտութիւնները՝ թուարկելով Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի, Լիպիոյ, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի պարագաները։ Ան շեշտեց, որ այդ պատերազմները բազմաթիւ մարդոց տառապանքին պատճառ դարձած են։ Քահանայապետը կոչ ուղղեց, որպէսզի այդ երկիրներէն ներս բանակցութիւններու միջոցաւ խաղաղութիւնը հետեւողականօրէն պահպանուի։

«Թող Բարձրեալի Որդին աջակցի միջազգային հանրութեան եւ ներգրաւուած երկիրներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս նաեւ Ուքրայնոյ արեւելեան շրջաններէն ներս հրադադարի դրութիւնը շարունակելու յանձնառութեան», նշուած է Սրբազան Քահանայապետի պատգամին մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը կոչ ուղղած է աշխարհին՝ համախմբուիլ եւ օգնութիւն ցուցաբերել այն երկիրներուն, որոնք տուժած են հակամարտութիւններէ, բնական աղէտներէ եւ մարդասիրական տագնապներէ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020