ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Վե­հա­րա­նի գա­հաս­րա­հի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պի հա­մա­տեղ հռչա­կագ­րի ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հայ­րա­պետ­նե­րու հա­մա­տեղ հռչա­կագ­րին մէջ ը­սուած է հե­տե­ւեա­լը.

Այ­սօր հա­մայն հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րոն Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, մենք՝ Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս եւ Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը կ՚ըն­ծա­յենք մեր միտ­քե­րը եւ սիր­տե­րը որ­պէս շնոր­հա­կա­լու­թեան տուրք Ա­մե­նա­կա­րո­ղին՝ պայ­քա­րով քայ­քա­յուած եւ սփո­փան­քի ու յոյ­սի ծա­րա­ւով լե­ցուն աշ­խա­րհի մէջ շա­րու­նա­կե­լու եւ մեծց­նե­լու հա­ւա­տի ու սի­րոյ սերտ կա­պե­րը Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Կա­թո­լիկ Եկե­ղեց­ւոյ մի­ջեւ՝ փրկու­թեան ա­ւե­տա­րա­նա­կան ու­ղեր­ձի ի­րենց հա­մընդ­հա­նուր վկա­յու­թեամբ։ 

Մենք փա­ռա­բա­նենք ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թիւ­նը՝ Հայ­րը, Որ­դին եւ Սուրբ Հո­գին, մե­զի ըն­ձե­ռուած հնա­րա­ւո­րու­թեան հա­մար՝ մէկ­տե­ղուե­լու աս­տուա­ծաշնչեան Ա­րա­րա­տի երկ­րին մէջ, որ կան­գուն է որ­պէս վկա­յու­թիւն, թէ Աս­տուած է միշտ մեր պաշտ­պա­նու­թիւնն ու փրկու­թիւ­նը։

Գո­հու­նա­կու­թեամբ ու հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեամբ կ՚անդ­րա­դառ­նանք, որ 2001 թուա­կա­նին քրիս­տո­նէու­թեան Հա­յաս­տա­նի մէջ պե­տա­կան կրօն հռչակ­ման 1700-ա­մեա­կին առ­թիւ Հա­յաս­տան այ­ցե­լեց Սուրբ Յով­հան­նէս-Պօ­ղոս Բ. Պա­պը՝ որ­պէս Հայ եւ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եղ­բայ­րա­կան ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թեան նոր է­ջի վկա­յու­թիւն։ Մենք ե­րախ­տա­պարտ ենք, որ շնորհն ու­նե­ցած ենք միա­սին ըլ­լա­լու Հռո­մի Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րին մէջ, հան­դի­սա­ւոր պա­տա­րա­գի ժա­մա­նակ, 2015 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի 12-ին, ուր մենք մեր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­ցինք հա­կա­դար­ձե­լու բռնու­թեան ու ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան իւ­րա­քան­չիւր դրսե­ւոր­ման՝ վե­րա­կո­չե­լով զայն, ինչ որ ար­դէն հաս­տա­տուած էր Յով­հան­նէս-Պօ­ղոս Բ.-ի եւ Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ ստո­րագ­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, թէ «մէ­կու­կէս մի­լիոն հայ քրիս­տո­նեա­նե­րու բնաջն­ջու­մը ընդ­հան­րա­պէս կ՚ըն­կա­լուի իբ­րեւ Ի. դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը» (հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն, Գա­րե­գին Բ. եւ Յով­հան­նէս-Պօ­ղոս Բ., 27 Սեպ­տեմ­բեր 2001 թուա­կան)։

Փառք Բարձ­րեա­լին, որ այ­սօր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւա­տը կեն­սու­նակ ի­րա­կա­նու­թիւն է Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին իր լիար­ժէք ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ տի­րող հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եղ­բայ­րա­կան ո­գիով նե­ցուկ ըլ­լա­լով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն՝ զօ­րա­կից, ար­դար եւ խա­ղաղ աշ­խար­հի կերտ­ման գոր­ծին մէջ։ Ցա­ւօք, մենք վկա­ներն ենք մեր աչ­քե­րու առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցող մեծ ող­բեր­գու­թեան մը՝ ան­թիւ, ան­հա­մար մար­դոց սպա­նու­թիւն­նե­րու, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ եւ աշ­խար­հի այլ ծա­գե­րուն էթ­նիք, տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ կրօ­նա­կան հիմ­քե­րու վրայ զար­գա­ցող շա­րու­նա­կա­կան բնոյ­թի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րով թե­լադ­րուած տե­ղա­հա­նում­նե­րու կամ պար­տադ­րուած ցա­ւա­լի ու ա­նո­րոշ աք­սոր­նե­րու։ Այդ բո­լո­րի հե­տե­ւան­քով կրօ­նական եւ էթ­նիք փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը դար­ձած են հա­լա­ծանք­նե­րու եւ դա­ժան վե­րա­բեր­մուն­քի թի­րախ, այն ա­ռու­մով, որ սե­փա­կան կրօ­նա­կան հա­մոզ­ման հա­մար տա­ռա­պի­լը դար­ձած է ա­մե­նօ­րեայ ի­րա­կա­նու­թիւն։ Նա­հա­տակ­նե­րը կը պատ­կա­նին բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ ա­նոնց տա­ռա­պան­քը «ա­րեան է­քիւ­մե­նիզմ» է, որ կ՚անդ­րան­ցէ քրիս­տո­նեա­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ պատ­մա­կան բա­ժա­նում­նե­րը՝ մեր բո­լո­րը կո­չե­լով նպաս­տե­լ Քրիս­տո­սի ա­ռա­քեալ­նե­րու տե­սա­նե­լի միաս­նա­կա­նու­թեան։ Մենք, Սուրբ Ա­ռա­քեալ­նե­րու՝ Պետ­րո­սի եւ Պօ­ղո­սի, Թա­դէո­սի եւ Բար­թո­ղի­մէո­սի բա­րե­խօ­սու­թեամբ, միաս­նա­բար կ՚ա­ղօ­թենք, որ­պէս­զի սրտե­րու փո­փո­խու­թիւն տե­ղի ու­նե­նայ բո­լո­րին մէջ, ա­նոնց, ո­րոնք կը գոր­ծեն այս­պի­սի յան­ցանք­ներ եւ ա­նոնց, ո­րոնք դիր­քին շնոր­հիւ կրնան կանգ­նեց­նել բռնու­թիւն­նե­րը։ Մենք կը յոր­դո­րենք ազ­գե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն՝ ունկնդ­րե­լու կո­չը մի­լիո­նա­ւոր մարդ­կա­յին ա­րա­րած­նե­րու, ո­րոնք խա­ղա­ղու­թիւն եւ ար­դա­րու­թիւն կը տեն­չեն աշ­խար­հի վրայ, ո­րոնք յար­գանք կը պա­հան­ջեն ի­րենց աս­տուա­ծա­տուր ի­րա­ւունք­նե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնք ան­յա­պաղ կա­րիք ու­նին հա­ցի, այլ ոչ թէ զէն­քե­րու։

Ցա­ւօք, մենք ա­կա­նա­տես ենք կրօ­նի եւ կրօ­նա­կան ար­ժէք­նե­րու ար­մա­տա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րու, ո­րոնք կը կի­րա­ռուին՝ ա­տե­լու­թիւ­նը, խտրա­կա­նու­թիւ­նը ու բռնու­թեան տա­րա­ծու­մը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար։ Նմա­նա­տիպ յան­ցանք­նե­րու՝ կրօ­նա­կան գա­ղա­փար­նե­րով ար­դա­րա­ցու­մը ա­նըն­դու­նե­լի է, քա­նի որ «Աս­տուած խռո­վու­թեան Աս­տուա­ծը չէ, այլ խա­ղա­ղու­թեան» (Ա ԿՈՐ. 14։ 33)։ Ա­ւե­լին, կրօ­նա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րու հան­դէպ յար­գան­քը անհ­րա­ժեշտ պայ­ման է էթ­նիք ու կրօ­նա­կան տար­բեր հա­մայնք­նե­րու խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեան հա­մար։ Եւ քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լով իսկ է, որ մենք կո­չուած ենք խա­ղա­ղու­թեան ու հաշ­տու­թեան ու­ղի­ներ փնռտե­լու եւ ի­րա­գոր­ծե­լու։ Այս ի­մաս­տով մենք կը յու­սանք, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղին վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րը կը գտնեն խա­ղաղ լու­ծում։

Յի­շե­լով այն ա­մէ­նը, ինչ որ Յի­սուս սոր­վե­ցուց Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն, երբ Ան ը­սաւ. «Ես ա­նօ­թի էի եւ դուք ին­ծի հաց տուիք, ես ծա­րաւ էի եւ դուք ին­ծի խմե­լու բան մը տուիք, ես օ­տա­րա­կան էի, եւ դուք ին­ծի ըն­դու­նե­ցիք, ես մերկ էի եւ դուք ին­ծի հագ­ցու­ցիք, ես հի­ւանդ էի, դուք ին­ծի այ­ցե­լե­ցիք, ես բան­տար­կուած էի եւ դուք ե­կաք ին­ծի տե­սու­թեան» (ՄԱՏ. 25։ 35-36), մենք կը խնդրենք մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րէն բա­նալ ի­րենց սրտերն ու ձեռ­քե­րը՝ օգ­նե­լու պա­տե­րազ­մի եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան զո­հե­րուն, փախս­տա­կան­նե­րուն եւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն։ Կը կա­րե­ւո­րուի մեր մար­դա­սի­րու­թեան զգա­ցու­մը, մեր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, կա­րեկ­ցան­քը եւ մե­ծա­հո­գու­թիւ­նը, ո­րոնք կրնան ճիշդ ար­տա­յայ­տուիլ միայն ներ­կայ նիւ­թա­կան պա­շար­նե­րու ան­յա­պաղ եւ գործ­նա­կան նուի­րա­տուու­թեամբ։

Մենք կ՚ըն­դու­նինք այն ինչ, որ ար­դէն իսկ կը կա­տա­րուի, բայց կը պնդենք, որ ա­ւե­լին պէտք է կա­տա­րուի քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ, որ­պէս­զի ա­պա­հո­վուած ըլ­լայ բո­լո­րի՝ խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան մէջ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը, պաշտ­պա­նուած ըլ­լայ օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թիւ­նը, կրօ­նա­կան եւ էթ­նիք փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, կան­խուած ըլ­լան մարդ­կա­յին թրա­ֆի­քին­կը եւ մաք­սա­նեն­գու­թիւ­նը։

Հա­սա­րա­կու­թեան ստուար հա­տուած­նե­րու աշ­խար­հի­կա­ցու­մը, օ­տա­րու­մը հո­գե­ւո­րէն եւ աս­տուա­ծա­յի­նեն, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն տե­ղի կու տան մար­դու եւ մարդ­կա­յին ըն­տա­նի­քի ա­պասր­բաց­ման ու նիւ­թա­պաշ­տա­կան ըն­կալ­ման։ Այս ա­ռու­մով մենք մտա­հոգ ենք բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ ըն­տա­նե­կան կեան­քի ճգնա­ժա­մով։ Հայ եւ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ըն­տա­նի­քի մա­սին ու­նին նոյն ըն­կա­լու­մը, որ հիմ­նուած է ա­զատ կամ­քով ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ ծնած սի­րոյ ար­դիւնք հան­դի­սա­ցող տղա­մար­դու եւ կնոջ ա­մուս­նու­թեան վրայ։

Մենք ու­րա­խու­թեամբ կ՚ար­ձա­նագ­րենք, որ հա­կա­ռակ քրիս­տո­նեա­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ բա­ժա­նում­նե­րուն, այն ինչ, որ մե­զի կը միա­ւո­րէ, ա­ւե­լին է, քան այն ինչ, որ մե­զի կը բաժ­նէ եւ այս մէ­կուն վրայ ալ պէտք է կա­ռու­ցել Քրիս­տո­սի ե­կե­ղեց­ւոյ միու­թիւ­նը, ըստ Տի­րոջ խօս­քին, թէ բո­լո­րը մէկ ըլ­լան (ՅՈՎ. ԺԷ 21)։ Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը թե­ւա­կո­խած են ո­րա­կա­պէս նոր փուլ՝ ամ­րապն­դուած ըլ­լա­լով հա­մա­տեղ ա­ղօթք­նե­րով եւ ժա­մա­նա­կա­կից մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու միաս­նա­կան ջան­քե­րով։ Մենք այ­սօր հա­մո­զուած ենք այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան խիստ կա­րե­ւո­րու­թեան մէջ՝ եր­կուս­տեք ա­ռա­ւել խոր եւ վճռա­կան յանձ­նա­ռու­թեամբ ոչ միայն աս­տուա­ծա­բա­նա­կան մար­զի մէջ, այ­լեւ ա­ղօ­թա­կան եւ գործ­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ տե­ղա­կան հա­մայնք­նե­րու մէջ՝ լիար­ժէք հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն եւ միու­թեան յստակ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ բաժ­նե­լու տես­լա­կա­նով։ Մենք կը յոր­դո­րենք մեր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ներ­դաշ­նակ կեր­պով աշ­խա­տիլ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ զօ­րաց­նե­լու հա­մար քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէք­նե­րը, ո­րոնք ար­դիւ­նա­ւոր կեր­պով կը նպաս­տեն ար­դա­րու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան եւ մարդ­կա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան քա­ղա­քակր­թու­թեան կա­ռուց­ման։ Հաշ­տու­թեան եւ եղ­բայ­րու­թեան ու­ղին բաց է մեր առ­ջեւ։ Թող Սուրբ Հո­գին, որ մե­զի կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ա­մե­նայն ճշմար­տու­թեան (հմմտ. Յով. ԺԶ 13), զօ­րաց­նէ ա­մեն ազ­նիւ ջանք, որ ուղ­ղուած է մեր մի­ջեւ սի­րոյ եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան կա­մուրջ­նե­րու կա­ռուց­ման։

Սուրբ Էջ­միած­նէն մենք կոչ կ՚ուղ­ղենք մեր բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն միա­նա­լու մե­զի ա­ղօթ­քով, Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի խօս­քե­րով. «Փա­ռա­ւո­րեալ Տէր, ըն­դու­նէ ծա­ռա­նե­րուդ ա­ղա­չանք­նե­րը եւ ի բա­րին կա­տա­րէ մեր խնդրանք­նե­րը, բա­րե­խօ­սու­թեամբ Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի եւ Յով­հան­նէս Մկրտչի եւ Սուրբ Ստե­փա­նոս Նա­խավ­կա­յի եւ մեր Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի եւ սուրբ ա­ռա­քեալ­նե­րու, մար­գա­րէ­նե­րու, վար­դա­պետ­նե­րու, մար­տի­րոս­նե­րու, հայ­րա­պետ­նե­րու, ճգնա­ւոր­նե­րու, կոյ­սե­րու եւ Քու բո­լոր երկ­նա­յին ու երկ­րա­յին սուր­բե­րու։ Եւ Քեզ՝ ան­բա­ժա­նե­լի Սուրբ Եր­րոր­դու­թեանդ, փառք եւ երկր­պա­գու­թիւն, յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից ա­մէն»։

Սուրբ Էջ­միա­ծին, 26 Յու­նիս 2016

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016