ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՕԹ ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԱԾ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Մայր Տաճարի մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, որու ձեռամբ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան եօթ սարկաւագներ։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը նորընծաները քահանայութեան կոչեց՝ Սրբալոյս Միւռոնով օծելով անոնց ճակատներն ու ձեռքերը ու անոնց շնորհելով նոր հոգեւոր անուններ։ Այսպէս, Հայկ Սրկ. Թադէոսեան վերանուանուեցաւ Տ. Թադէոս Քահանայ, Արտակ Սրկ. Վարդանեան՝ Տ. Թորգոմ Քահանայ, Աւետիս Սրկ. Ասատրեան՝ Տ. Արշաւիր Քահանայ, Վարդան Սրկ. Զէյնալեան՝ Տ. Պարգեւ Քահանայ, Արման Սրկ. Շոխիկեան՝ Տ. Գրիգորիս Քահանայ, Դաւիթ Սրկ. Ղարիպեան՝ Տ. Կարապետ Քահանայ, Արման Սրկ. Մարտիրոսեան՝ Տ. Աբրահամ Քահանայ։
Ձեռնադրութեան աւարտին նորընծայ քահանաները ներկաներուն փոխանցեցին իրենց անդրանիկ օրհնութիւնը։ Ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամին մէջ ըսաւ հետեւեալը.
«Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին դարձեալ իր՝ դարերով շարունակուող յաղթական արշաւը կ՚ուղենշէ եւ այս օրը այդ ընթացքին մէջ յարութեան յաղթական խորհուրդի եւ Աստուծոյ ներկայութեան շնորհի մեծ վկայութիւնն է։ Ս. Հաղորդութեան՝ Պատարագի սրբազան խորհուրդի ընթացքին բոլորս աղօթքներով կատարեցինք սրբազան մեր եկեղեցւոյ եօթ խորհուրդներէն մին՝ ձեռնադրութեան սրբազան խորհուրդը։ Հայոց Եկեղեցին, սիրելինե՛ր, հաստատուած ըլլալով ճշմարիտ վէմի՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ խօսքին վրայ, առաքելական շարունակականութեամբ, սրբազան հայրապետներու, վարդապետներու, քահանաներու եւ սարկաւագներու արեան վկայութեան անսակարկ ինքնանուիրումի եւ ծառայութեան արդիւնքին Տիրոջ մարմնի ծառայութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Այսօր Հայ Եկեղեցին, անգամ մը եւս զօրանալով, պայծառազարդուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնով, որովհետեւ Տիրոջ հոգին դարձեալ բոլորիս աղօթքով իջաւ եօթնարփեան իր շնորհաբաշխութեամբ, առատօրէն հեղեց իր իմաստութեան լոյսը եւ շարունակեց հրաշագործել մեր կեանքին մէջ, հրաշագործել երիտասարդ, գիտակից, հաւատքով զօրացած այս եօթ նորընծայ երիտասարդներու ինքնանուիրումով, ինքնազոհողութեամբ եւ ինքնածառայութեամբ։ Հաւատքի վկաներ են այսօր այս եօթ նուիրեալ ծառայները, որոնք պիտի սպասաւորեն Տիրոջ խորանին՝ մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի առողջացման համար Աստուծոյ սէրը եւ ճշմարիտ խօսքը բաժնեկից դարձնելով անոնց կեանքին։ Աստուածահաստատ խորհուրդ մըն էր, զոր կատարեցինք ձեռնադրութեամբ եւ Աստուծոյ Ս. Հոգւոյ խորհրդանիշը հանդիսացող Սրբալոյս Միւռոնի հեղմամբ, որով Ս. Հոգւոյ շնորհներով՝ տրուած անոր առաքեալներուն, անոնց շարունակականութեամբ մինչեւ մեր օրերը փոխանցուած կապելու եւ արձակելու ծառայութեան այդ շնորհին կոչելով զանոնք»։
Ս. Պատարագի տեւողութեան, «Ողջոյն»ի պահուն Մայր Աթոռի միաբանները բարձրացան Ս. Խորան՝ շնորհաւորելու քահանաները եւ համբուրելու անոնց միւռոնաբոյր ճակատներն ու ձեռքերը։
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ նաեւ վեղարի տուչութեան արարողութիւն։ Տ. Գրիգորիս Քահանայ վեղար ստացաւ՝ համալրելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան շարքերը։
Քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանէն վերջ նորաօծ քահանաները Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ ծառայութեան պիտի կոչուին Հայ Եկեղեցւոյ թեմերուն կամ կառոյցներուն մօտ։