Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՅՑ Ս. ՓՐԿԻՉ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մատ­րան մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ խան­դա­վառ ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Այս առ­թիւ իր անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց մեր քա­հա­նա­յից դա­սու ե­րի­տա­սարդ ան­դամ­նե­րէն նո­րաօծ Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի վե­ղա­րա­ւոր հայ­րե­րը եւ մեր քա­հա­նա­յից դա­սէն բազ­մա­թիւ հայ­րեր ներ­կայ գտնուե­ցան հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։

Անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ, հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ սի­րոյ սե­ղան մը սար­քուե­ցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ, ի պա­տիւ նո­րաօծ Քա­հա­նայ Հօր։ Մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տար­գին օ­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ շրջա­պա­տեց Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեա­նը։ Յա­նուն հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօսք մը ար­տա­սա­նեց Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։ Նո­րաօծ Տէր Հայրն ալ հան­դէս ե­կաւ սրտի խօս­քով մը։ Սի­րոյ սե­ղա­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի խօս­քով։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015