ՏՕՆԵԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԹԱՓԱՆՑԵԼՈՎ ԱՆՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Կատարումն օրինաց եւ մարգարէից
Դու ես Քրիստոս Աստուած Փրկիչ մեր…։

Սուրբ Պատարագի խորհուրդը Եկեղեցւոյ սիրտն է։ Սուրբ Սեղանի վրայ մատուցուած Սուրբ Պատարագը նման մեր ֆիզիքական մարմնի սրտին, ունի մղիչ զօրութիւն եւ այդ զօրութիւնն է որով կը մատակարարուի մեր հոգեւոր կեանքին կենսապարգեւ եւ կենսանորոգ սնունդը։ Ամէն անգամ որ որպէս հաւատացեալներ Սուրբ Պատարագի խորհրդակատարութեան կը մասնակցինք, կը լսենք Աստուծոյ Խօսքը եւ կը վայելենք Քրիստոսի պատուական Մարմնին եւ Արեան ներկայութիւնը։ Ոչ միայն կը վայելենք, այլ նաեւ իբրեւ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ արտայայտութիւն, զԱնոնք կ՚ընկալենք մեր մտքերուն, սրտերուն եւ մարմիններուն մէջ։

Հաւատոյ Հանգանակը Սուրբ Պատարագի այն բաժինն է, ուր կը կարդանք, թէ «Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, Աստուած է Աստուծմէ, լոյս է՝ լոյսէն, ճշմարիտ Աստուած է, ճշմարիտ Աստուծմէ»։ Հակառակ անոր որ միշտ կը կարդացուին այս բառերը, բացառութիւնները միշտ յարգելով, կը հարկադրուինք ըսել, թէ յաճախ կարելի չըլլար թափանցել անոնց իմաստին եւ, ամենակարեւորը, կարելի չըլլար անդրադառնալ, թէ այդ բառերը քրիստոնէական մեր հաւատքի սիւներէն են։ Սուրբ Պատարագի աւարտին պատարագիչին արտասանած Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի աղօթքին յաջորդող վերջին մաղթանքը եւս կու գայ մեզի ներկայանալ, Հաւատոյ Հանգանակի բառերուն զուգահեռ իր իմաստովը. «Կատարումն օրինաց եւ մարգարէից Դու ես Քրիստոս Աստուած Փրկիչ մեր, որ լցեր զամենայն հայրակամ տնօրէնութիւնս քո, լից եւ զմեզ հոգւովդ քով Սրբով»։

Վարդավառի տաղաւարը Սուրբ Գիրքի ընդմէջէն մեր աչքերուն առջեւ կը պարզէ սքանչելի տեսարան մը, որ կու գայ յիշեցնել հաւատքի սոյն ճշմարտութիւնը։ Այս կարեւոր տաղաւարը օտար եկեղեցիներ «Այլակերպութիւն» անուամբ կը տօնեն, որ ծագում կ՚առնէ Սուրբ Աւետարանէն։ Հայ Եկեղեցին «այլակերպութիւն» բառին առընթեր այս տաղաւարին համար նուիրականացուցած է նաեւ «Պայծառակերպութիւն» բառը, որ իր ծագումը կ՚առնէ դարձեալ Սուրբ Աւետարանէն. «…Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու զանոնք առանձինն հանեց բարձր լերան մը վրայ եւ անոնց առջեւ այլակերպեցաւ. Անոր երեսը փայլեցաւ ինչպէս արեգակը։ Եւ Անոր զգեստները փայլուն, բոլորովին սպիտակ դարձան ինչպէս լոյսը» (Մատթէոս՝ 17.1-2, Մարկոս՝ 9.1-2)։ Սուրբ Աւետարանի այս հատուածներուն մէջ կեդրոնական տեղը կը գրաւէ սքանչելի փոփոխութեան մը տեսարանը, ողողուած՝ լոյսի պայծառութեամբ։ Այս լուսաւոր մթնոլորտին մէջ կը տեսնուին Մովսէսը եւ Եղիան, առաջինը կը ներկայացնէր Օրէնքը, իսկ երկրորդը՝ մարգարէները։ Անոնց ներկայութիւնը կը յիշեցնէր Քրիստոսի խօսքը թէ՝ «չէր եկած Օրէնքը կամ Մարգարէութիւնները ջնջելու, այլ՝ լրացնելու» (Մատթէոս, 5.17)։ Անոնց ներկայութիւնը նաեւ կը շեշտադրէր, թէ Ան ճշմարտապէս էր «Կատարումն օրինաց եւ մարգարէից»։ Հօր Աստուծոյ երկնային վկայութիւնը Իր Միածին Որդիին մասին թագն ու պսակն էր այլակերպութեան սուրբ տնօրինութեան։

Վարդավառ, այլակերպութիւն, պայծառակերպութիւն. երեք բառեր, որոնց հասարակաց եզրը կը կազմէ փոփոխութեան մը յայտնութիւնը։

Վարդավառ բառէն մեկնելով պահ մը յիշենք մեր հեթանոս նախնեաց մէկ աւանդութիւնը, ըստ որում ծովու սպիտակ փրփուրներէն ծնած «վարդամատն» մականունով ծանօթ Աստղիկ դիցուհին ուր որ կը քալէր, իր ոտքերէն կաթկթող արիւնէն վարդեր կը բուսնէին։ Դիցուհին վարդի թերթիկներ կը թափէր հայոց աշխարհին, անոնք անզգալաբար կը քսուէին հայ օրիորդներուն ու զանոնք կ՚օժտէին աստուածային գեղեցկութեամբ։ Ահաւասիկ հեթանոս մեր նախնեաց տօնած վարդավառը, որուն ընդմէջէն կը ներկայանայ գեղեցկանալով փոփոխութեան ենթարկուելու վիճակը։ Քրիստոնէացած մեր նախնիք սուրբ հայրապետներու տնօրինութեամբ դիցաբանական աւանդութեան փոխարէն այս անգամ սկսան տօնել Քրիստոսի այլակերպութիւնը եւ պայծառակերպութեան ընդմէջէն լոյսի եւ պայծառութեան ներկայութիւնը, որ յայտնութիւնն էր Փրկչի Աստուածային բնութեան։

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին վարդ բառէն մեկնելով կը յիշեցնէ, թէ այս ծաղիկը ունի գեղեցիկ գոյն եւ բոյր։ Վարդի նմանութեամբ կը մօտենայ Քրիստոսի պայծառակերպութեան։ Ինչպէս որ վարդը կոկոն վիճակի մէջ ծածկուած է, որուն ոչ գոյնը կը տեսնուի, ոչ ալ անուշահոտութիւնը զգալի կը դառնայ, այնպէս ալ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր յղութեան շրջանին մէջ Քրիստոս կը խորհրդանշուի վարդի կոկոն վիճակով։ Երբ Քրիստոս աշխարհ կու գայ եւ կը ձեռնարկէ իր առաքելութեան, կը յայտնուի իր գեղեցկութեամբը, նման կոկոն վիճակէն դուրս եկած վարդին։ Ի զուր չէր, որ իր ծննդեան պահուն հրաշալի տեսարաններ պարզուեցան Բեթղեհէմի երկնակամարին վրայ. «Տիրոջ հրեշտակը հովիւներուն երեւցաւ եւ Տիրոջ փառքը ծագեցաւ անոնց վրայ», «երկնային զօրքերու բազմութիւնը կ՚օրհնէին զԱստուած ըսելով. Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն եւ օրհնութիւն» (Ղուկաս, 2. 8-9, 13-14)։ Ի զուր չէր, որ Իր քարոզութիւնները լսողներ «կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ, քանի որ կ՚ուսուցանէր իշխանութիւն ունեցողի մը պէս եւ ոչ թէ դպիրներու նման» (Մատթէոս, 7.28-29)։ Դարձեալ ի զուր չէր, որ քահանայապետի սպասաւորները կ՚ըսէին. «Ոչ մէկ մարդ երբեք խօսած է այնպէս, ինչպէս այս մարդը։…» (Յովհաննէս, 7.46)։

Մարմին առած Աստուծոյ Խօսքը՝ Քրիստոս ճշմարտապէս այլակերպեցաւ։ Եղիշէ Վարդապետ Այլակերպութեան Ճառին մէջ կը գրէ, թէ Քրիստոս իր երեք աշակերտները «մարդոց բազմութենէն մեկուսացնելով իր հետ տարաւ Թաբոր լեռը, որպէսզի անոնք, որոնց արքայութեանը տեսութիւնը խոստացած էր, Իր մարմնին վրայ տեսնեն Ադամի առաջին փառքին պայծառութիւնը, զոր մերկացուցած էր անկէ բանսարկուն, ու իրենց միտքերէն փարատին Իր մահուան մասին իրենց ունեցած կասկածն ու երկիւղը»։ Ուստի այլակերպութեան այս սքանչելի դէպքը ունի երեք վկաներ։ Այդ վկաները չեն բաւականացած այս սքանչելի տեսարանը ապրած ըլլալու երջանկութեամբ, այլ իրենց փորձառութիւնը բաժնած են առաքելական ընդհանրական նամակներով, որպէսզի «ուրիշներ եւս մասնակից դառնան այն հաղորդակցութեան զոր անոնք ունէին Հօրը եւ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ, որպէսզի ուրիշներուն ալ ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ» (Ա. Յովհաննէս, 1.1-3)։ Որպէսզի Քրիստոսի մասին եղած քարոզութիւնը «շինծու առասպել մը ըլլալով չընկալուէր» (Բ. Պետրոս, 1.16)։

Քրիստոսի այլակերպութիւնը հրաւէր է մնալու մեր քրիստոնէական հաւատքի լոյսին մէջ։ Այդ լոյսին զօրութիւնն էր, որ հասարակ մահկանացուներէն սուրբեր արտաբերեց։ Այդ լոյսին զօրութեան հաւատացող սուրբերը թէեւ հարկադրուեցան ֆիզիքական խաւարին մէջ բնակելու, սակայն անոնք իրենց մխիթարութիւնը գտան ապաւինելով Քրիստոսի լոյսին։ Մենք, որպէս Քրիստոսի հաւատացեալներ, նոյնիսկ եթէ այս աշխարհի իշխանին՝ չարութեան արմատին՝ սատանայի լարած որոգայթներուն մէջ ինկած ըլլանք, գիտնանք, թէ «պէտք է յուսանք մեր փրկութեան Աստուծոյ, մեր Աստուածը պիտի լսէ մեզ»։ Այս հաւատքով կրնանք գոչել ըսելով. «Ով իմ թշնամիս՝ վրաս մի խնդար, թէեւ իյնամ, պիտի ելլեմ, թէեւ խաւարի մէջ նստիմ Տէրը ինծի լոյս պիտի ըլլայ» (Միքիա, 7.7-8)։ Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ, թէ «Աւետարանը Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ ի փրկութիւն բոլոր հաւատացեալներուն» (Հռոմայեցիս, 1.16)։

Սուրբ Պատարագի աւարտին վերջին մաղթանքը վերյիշենք եւ անոր բառերուն ուղղութեամբ աղօթենք առ Քրիստոս ըսելով. Կատարումն օրինաց եւ մարգարէից Դու ես Քրիստոս Աստուած Փրկիչ մեր։ Հօր Աստուծոյ կամքով եկար աշխարհ մեղքով ինկած մարդկութիւնը փրկելու յատուկ առաքելութեամբ։ Հօր Աստուծոյ կամքին համաձայն Քեզի սահմանուած տնօրինութիւնները մի առ մի կեանքի կոչեցիր։ Կորսուած ոչխարները փնտռեցիր, արհամարհուածներուն սեղանակից եղար։ Աստուածային զօրութեամբդ հրաշքներ գործեցիր։ Յոգնածներուն հանգիստ պարգեւել խոստացար։ Խոնարհութեան օրինակը տուիր։ Սորվեցուցիր, թէ իրական մեծութիւնը կը կայանար ծառայելու տրամադրութեան մէջ։ Խոնարհելով մեծանալու օրինակը տուիր։ Մատնուեցար, չարչարուեցար, խաչուեցար, թաղուեցար եւ երրորդ օրը յարութիւն առիր։ Յետ յարութեան, քառասուն օրեր երկրի վրայ շրջեցար եւ երկինք համբարձար եւ Հօր Աստուծոյ աջ կողմը նստար։ Այժմ մենք կը սպասենք Քու երկրորդ գալուստիդ, որ պիտի իրականանայ միայն Հօր Աստուծոյ գիտցած ժամանակին։ Այժմ մենք կ՚ապրինք աշխարհի մէջ, որ լի է ապականութեամբ։ Մենք, Քու շնորհիւդ Աստուծոյ որդեգրութեան պատիւին արժանացածներս, կարիքը ունինք մեր վրայէն թօթափելու այն բոլոր ժխտական տարրերը, որոնք մեզ կը հեռացնեն եւ ոչ միայն կը հեռացնեն, այլ նաեւ հեռու կը պահեն Քեզմէ։ Մենք յաճախ կը մատնուինք այնպիսի վիճակի մը, որով «կը տրտմեցնենք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին՝ որով կնքուեցանք փրկութեան օրուան համար», կը կարօտինք Քու զօրութեանդ որպէսզի «ամէն դառնութիւն, բարկութիւն, զայրոյթ, աղաղակ եւ հայհոյութիւն, ամբողջ չարութեամբ հանդերձ, վերանայ մեզմէ։ Իրարու հանդէպ ըլլանք քաղցր, գթած, ներելով մէկզմէկու ինչպէս որ Աստուած մեզի ներեց Քեզմով» (Եփեսացիս, 4.30-32)։ Ուստի մեր նեղութիւններուն, ցաւերուն եւ թերութիւններուն դարման մը, հաստատուն ապաւէն մը գտնելու հաւատքով ու յոյսով կը դիմենք Քրիստոսի եւ կը խոստովանինք ըսելով. «Կատարումն օրինաց եւ մարգարէից Դու ես Քրիստոս Աստուած Փրկիչ մեր, որ լցեր զամենայն հայրակամ տնօրէնութիւնս քո, լից եւ զմեզ հոգւովդ քով Սրբով»։

Աստուած բոլորիս պարգեւէ լոյս հաւատքի զօրութեամբ արժանանալ Լոյսի Աղբիւրի շնորհներուն եւ վարել՝ կեանք մը լուսաւոր, հեռու՝ մոլորեցուցիչ եւ երկիւղ ու անվստահութիւն առթող խաւարէն։ Ամէն։

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

22 յուլիս 2019, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019