ԶԵԿՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎՈՅ

 

Ա­թո­ռոյս Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը, Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վոյ 14 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նի, ՃԼԱ. նիս­տի ո­րոշ­մամբ եւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձր. Տ. Ա­րամ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեա­նի հրա­ւէ­րով կա­յա­ցաւ 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016 Չո­րեք­շաբ­թի օր, ժա­մը 10.00-ին, Պատ­րիար­քա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, Նո­րին Սրբազ­նու­թեան նա­խա­գա­հու­թեամբ։

Ժո­ղո­վը բա­ցուե­ցաւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Սրբա­զան Հօր ա­ղօթ­քով։ Հանգս­տեան ա­ղօթ­քով յի­շա­տա­կուե­ցան նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ վախ­ճա­նեալ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը։ Գերշ. Տ. Սա­հակ Եպս. Մա­շա­լեան ընտ­րուե­ցաւ հա­մա­գու­մա­րի ա­տե­նա­պե­տու­թեան, իսկ Արժ. Տէր Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան՝ ա­տե­նադպ­րու­թեան։

Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գի նիւթն էր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ ներ­կայ կա­ցու­թիւ­նը, գո­յա­ցած՝ Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Բ. Ս. Պատ­րիարք Հօր ա­ռող­ջա­կան խնդրին պատ­ճա­ռաւ։ Ժո­ղո­վա­կան Հայ­րե­րը քննար­կում­ներ կա­տա­րե­ցին եւ խորհր­դակ­ցե­ցան նկա­տի ու­նե­նա­լով հե­տե­ւեալ պա­րա­գա­նե­րը.

Ա. Մա­յիս 2008 թուա­կա­նէն սկսեալ Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Բ. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը դադ­րած է պաշ­տօ­նա­վա­րե­լէ որ­պէս՝ «Պատ­րիարք» եւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ ըն­թա­ցիկ գոր­ծե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մար Ժո­ղո­վի կող­մէ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ ընտ­րուած է՝ Բարձր. Տ. Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան։

Բ. Ե­կե­ղե­ցա­կան ըն­կա­լեալ կա­նոն­ներն ու ա­ւան­դու­թիւ­նը ուխ­տի լուծ­ման հա­մար բա­ւա­րար կը նկա­տեն եօ­թը տա­րուան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը։ Ուս­տի Պատ­րիարք Հօր Իր Ա­թո­ռէն ու­թը տա­րուան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, ինք­նա­բե­րա­բար ի զօ­րու կը դարձ­նէ այս տրա­մադ­րու­թիւ­նը եւ կը հաս­տա­տէ «Պատ­րիար­քա­կան Ուխտ»ի լու­ծու­մը։

Գ. 2015 թուա­կա­նին Դա­տա-Բժշկա­գի­տա­կան Յանձ­նա­խում­բի տե­ղե­կագ­րով վա­ւե­րա­ցուած է նաեւ Պատ­րիարք Հօր ոչ-գոր­ծօն վի­ճա­կի մատ­նուած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը։

Հե­տե­ւա­բար վե­րո­յի­շեալ յօ­դուած­նե­րու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը կը հաս­տա­տեն, թէ Պատ­րիար­քա­կան Գա­հը մնա­ցած է՝ «թա­փուր»։­

Ուս­տի Ժո­ղո­վա­կան Հայ­րե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ ո­րո­շե­ցին «հանգս­տեան կո­չուած» նկա­տել Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Բ. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը, եւ կո­չել զինք՝ «ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ Ի ՀԱՆԳՍ­ՏԵԱՆ»։­

Առ այդ ո­րո­շուե­ցաւ նաեւ սոյն պա­րա­գա­նե­րու բա­ցատ­րու­թեամբ, պատ­շաճ բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ ըն­կա­լեալ ա­ւան­դա­կան կա­նոն­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ դի­մում ներ­կա­յաց­նել պատ­կան իշ­խա­նու­թեանց, խնդրե­լով ար­տօ­նու­թիւն՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար, որ­պէս­զի Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը օժ­տուի նոր «ԱԶ­ԳԸՆ­ՏԻՐ ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ»ով։

Ժո­ղո­վը ա­ւար­տե­ցաւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Սրբա­զան Հօր «Պահ­պա­նիչ» ա­ղօթ­քով։

Զայս ի գի­տու­թիւն կը հա­ղոր­դենք մե­րազն ժո­ղո­վուր­դին։

ԴԻ­ՒԱՆ
Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՄԱ­ԳՈՒ­ՄԱՐ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՅ

26 Հոկ­տեմ­բեր 2016
10942

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016