ԶՕՐԱՑՆԵԼ ԱՍՏՈՒԱԾՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ շաբաթավերջին ձեռնադրուած երիտասարդ հոգեւորականները։ Նորին Սրբութիւնը վեհարանի գահասրահի երդիքին տակ վեց նորաօծ եկեղեցականներուն տուաւ իր օրհնութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Արթիկի թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Աւագեան, որ կատարած էր ձեռնադրութիւնը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեան։
Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նորաօծ հոգեւորականներուն յորդորեց ըլլալ արժանաւոր եկեղեցականներ, իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ բարձր պահել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարի համբաւն ու հեղինակութիւնը, հայորդիներու սրտերուն մէջ զօրացնել աստուածսիրութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնը։ Ան ձեռնադրեալներուն պատգամեց՝ հոգեխնամ ու կրթադաստիարակչական գործունէութեամբ նպաստել հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց նորաօծ եկեղեցականները՝ մաղթելով արդիւնաշատ հոգեւոր առաքելութիւն։
Եկեղեցական
- 11/27/2024