Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ մեծ շու­քով յի­շա­տա­կեց Ս. Ստե­փա­նոս նա­խավ­կան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ սար­կա­ւագ­նե­րուն ձօ­նուած տօն մըն է։ Բերկ­րա­ռատ օ­րուան առ­թիւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Մայր Տա­ճա­րի մէջ պա­տա­րա­գեց Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պա­յեան։ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րի ու գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւ­նով սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թեան առ­թիւ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ սար­կա­ւագ­նե­րու ձեռ­նադ­րու­թիւն։ Պա­տա­րա­գիչ սրբա­զան հօր ձե­ռամբ 31 սար­կա­ւագ­ներ ձեռ­նադ­րուե­ցան։

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին նոր սար­կա­ւագ­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­նոնց տուաւ իր օրհ­նու­թիւ­նը ու մաղ­թեց, որ ներշնչուին Ս. Ստե­փա­նո­սի բա­րի օ­րի­նա­կով։

Հարկ է նշել, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը ներ­կա­յիս ու­նի 128 միա­բան սար­կա­ւագ, իսկ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին մէջ կ՚ու­սա­նին ար­դէն 46 սար­կա­ւագ­ներ։

Միւս կող­մէ, Պոլ­սոյ մէջ ալ նշուե­ցաւ Ս. Ստե­փա­նո­սի տօ­նը։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­տօ­նա­կի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Իր քա­րո­զին մէջ հայր սուր­բը շնոր­հա­ւո­րեց սար­կա­ւագ­ներն ու կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րը՝ ա­նոնց կա­րո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով ի­րենց ծա­ռա­յու­թեան մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016