ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Հայր Զա­քա­րիա Բա­ղու­մեան վեր­ջերս ար­ժա­նա­ցաւ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի աս­տի­ճա­նին։ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իր թե­զի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ այդ փու­լը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­լէ վերջ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի տասն աս­տի­ճան­նե­րը ի­րեն շնոր­հուե­ցան Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ձե­ռամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեա­նի։

Այս բո­լո­րէն վերջ նո­րըն­ծայ Տ. Զա­քա­րիա Ծ. Վրդ. Բա­ղու­մեան շա­բա­թա­վեր­ջին ըն­դու­նուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ, որ ի­րեն փո­խան­ցեց հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան Հայր Սուր­բը ներ­կա­յաց­նե­լով մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի աս­տի­ճա­նին հա­մար ա­նոր կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած աշ­խա­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան ու հայ­ցեց Նո­րին Սրբու­թեան օրհ­նու­թիւ­նը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ու­րա­խու­թեամբ ար­ձա­նագ­րեց, որ Հայ Ե­կե­ղե­ցին այ­սօր կը զօ­րա­նայ մտա­ւո­րա­կան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու նոր սե­րուն­դով մը, ո­րու ան­դամ­նե­րը հա­յոց նշա­նա­ւոր րա­բու­նա­պետ­նե­րու եւ հայ­րե­րու նմա­նու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն տա­րա­ծել Աս­տու­ծոյ խօս­քը՝ նա­խան­ձախն­դիր ըլ­լա­լով Ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քի պահ­պա­նու­թեան։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րեց Տ. Զա­քա­րիա Ծ. Վրդ. Բա­ղու­մեա­նը՝ յոր­դո­րե­լով ա­նոր ա­ռա­ւել ջա­նա­սի­րու­թեամբ եւ նուի­րու­մով ծա­ռա­յել Հայ Ե­կե­ղե­ցիին եւ ժո­ղո­վուր­դին։   

Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս առ­թիւ Տ. Զա­քա­րիա Ծ. Վրդ. Բա­ղու­մեա­նին նուի­րեց լան­ջա­խաչ մը։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017