ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջերս Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի անձնական ներկայացուցիչը՝ Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Էմմանուէլը, որուն կ՚ընկերանար պատրիարքութեան Աթէնքի ներկայացուցիչ եպիսկոպոսը։ Մետրապոլիտ Էմմանուէլ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին անունով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ խորհրդակցեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները։ Այս ծիրէն ներս յատկապէս օրակարգի վրայ եկաւ վերջերս Ուքրայնոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ կարգավիճակին բերումով Տիեզերական Պատրիարքութեան եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ ստեղծուած ծանր կացութիւնը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ քննարկելու համար Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան եւ Միջին Արեւելքէ ներս եկեղեցիներու այժմու կացութեան շուրջ զանազան հարցեր։