ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԳԱԳԱԹ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­վուա­պետ­նե­րու հան­դի­պում մը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հրա­ւէ­րով, 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու նա­հա­տակ­նե­րու Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան եւ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն առ­թիւ վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ հա­մախմ­բուե­ցան հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան ըն­տա­նի­քէն բա­զում ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Այս շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­վուա­պետ­նե­րուն հան­դի­պու­մը, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին տան­տի­րու­թեամբ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ա­ռըն­թեր հա­ւա­քին ներ­կայ գտնուե­ցան Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը, Ա­ղեք­սանդ­րիոյ Պապ եւ Հա­մայն Ափ­րի­կէի Պատ­րիարք Տ.Տ. Թա­ւադ­րոս Բ. Ղպտի Ե­կե­ղեց­ւոյ գա­հա­կա­լը, Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Հա­մայն Ա­րե­ւել­քի Տ.Տ. Եփ­րեմ Բ. Պատ­րիար­քը եւ Մա­լան­կա­րա­յի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Պետ, Մա­լան­կա­րա­յի Մետ­րա­պո­լիտ Տ.Տ. Թո­մայ Փաու­լոս Բ. Պատ­րիար­քը։

Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր պե­տե­րու այս հան­դիպ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան ընդգ­ծեց, որ 1965 թուա­կա­նին Ա­տիս Ա­պե­պա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն ի վեր նման հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը չէր ե­ղած։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան առ­թիւ ա­նոնց Հա­յաս­տան փու­թա­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Իր կար­գին, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոսն ալ ող­ջու­նեց դա­ւա­նա­կից քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը ու կանգ ա­ռաւ Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թեան վրայ։

Հան­դիպ­ման տե­ւո­ղու­թեան հո­վուա­պետ­նե­րը քննար­կե­ցին այն խնդիր­նե­րը, ո­րոնք կը յու­զեն Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ըն­տա­նի­քը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ մաս­նա­ւո­րա­պէս ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ Օգ­տա­կար նկա­տուե­ցաւ, որ վե­րա­կանգ­նուի Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րու պար­բե­րա­կան հան­դի­պում­նե­րուն նա­խըն­թա­ցը, ինչ որ կա­րե­ւոր խթան մը կրնայ ըլ­լալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զօ­րաց­ման հա­մար։

Ղպտի, ա­սո­րի եւ մա­լան­կա­րայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը եւս գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ եւ ի­րենց հեր­թին վե­րա­հաս­տա­տե­ցին քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­վուա­պետ­նե­րու հան­դի­պում­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015