ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու միջեւ ծագած ցաւալի բանավէճի արձագանգները կը շարունակուին՝ ստեղծուած արդար մտահոգութիւններով հանդերձ։ Սփիւռքեան մամուլն ալ կ՚անդրադառնայ այս հարցին՝ զանազան խորհրդածութիւններով։ Ստորեւ կ՚արտատպենք ամերիկահայ «Պայքար»ի խմբագրականը՝ նոյն նիւթին շուրջ։
Համաճարակը արտակարգ իրավիճակ է ստեղծած ամբողջ աշխարհի մէջ, նոյնպէս նաեւ Հայաստանի: Բացի համաճարակի ստեղծած հսկայ մարտահրաւէրներէն Հայաստան կը դիմագրաւէ բազմաթիւ այլ խնդիրներ - պատերազմական վիճակ, տնտեսական զարգացման դժուարութիւններ, հայաթափում եւ քաղաքական շրջանային զարգացումներու հաւանական հետեւանքներ:
Այնպէս որ պետութեան, մամուլին եւ հասարակութեան օրակարգերը ծանրաբեռնուած պիտի ըլլային այս օրերուն, յաւելեալ խնդիրներէ խուսափելու ամէն պայման ստեղծելու չափ: Կ՚երեւի այդ համոզման մէջ գտնուողները թիւրիմացութեան մէջ են եղած, որովհետեւ գոյութիւն ունեցած է համազգայի՜ն տարողութեամբ ուրի՜շ խնդիր մը, որ հեռու մնացած է բոլորին հայեացքներէն ու միտքէն - Ամենայն Հայոց Հայրապետին մարդասիրական մէկ խօսքը: Արդէն մամուլը, պետական դէմքերը, ընկերային ցանցերը իրար անցած սկսան ճղակոտոր արշաւի, աւելի՝ խօսքի պատերազմի:
Հաւանաբար Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ Գարեգին Բ. չէր ալ անդրադարձած, որ իր մէկ նախադասութիւնը կրնար այդքան քաղաքանացուիլ, կիրքեր բորբոքել եւ երեւակայելի եւ աներեւակայելի մեկնութիւններու առաջնորդել:
Որպէսզի կարելի ըլլայ Վեհափառի խօսքին եւ ստեղծուած աղմուկին համեմատութիւնը չափել, պարտաւոր ենք այստեղ մէջբերել այդ խօսքը՝ ցոյց տալու համար, թէ ինչպիսի՞ երեւակայութիւն է պէտք այդպիսի աղմուկ յարուցանելու եւ քաղաքական վերլուծում կատարելու.- «Հաղորդ լինելով ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի առընչութեամբ բժիշկների մասնագիտական կարծիքներին՝ կարեւոր ենք համարում, այս դատավարութեան իրագործման հետ մէկտեղ, ձեռնարկուեն բոլոր կանխարգելիչ միջոցներն ու միջոցառումները, այդ թւում՝ խափանման միջոցի փոփոխութիւն, համավարակի այս շրջանում ապահովագրելու նրա առողջական վիճակի հետագայ զարգացումներից»:
Այստեղ, բացի մարդասիրական ոեւէ դիտումէ, չկայ ոչ մէկ քաղաքական դիտում. եւ ոչ ալ՝ դատական գործընթացը խափանելու որեւէ միտում, երբ մանաւանդ շեշտակի ընդգծուած է «արդարադատութեան իրագործման հետ մէկտեղ»:
Այստեղ համակրանք չկայ Քոչարեանի քաղաքական վարկին նկատմամբ: Պարզ է, թէ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան եւ նախկին համակարգի բոլոր ներկայացուցիչները չորցուցած են համակրանքի աղբիւրը ժողովուրդին մօտ, իրենց կողոպուտով, երկիրը աղքատացնելով եւ հայաթափումը քաջալերելով: Ու դեռ, հին համակարգի մնացուկները, իրենց բոլոր միջոցներով եւ յատկապէս մամուլով, կարգելակեն որ նոր իշխանութիւնը իր հունը գտնէ եւ երկիրը առաջնորդէ բարօրութեան:
Հետեւաբար, երբ Հռոմի Պապը կը դիմէ իտալական իշխանութեանց ներում խնդրելու իր իսկ դէմ մահափորձ կատարողին՝ Ահմէտ Աղճային, Հայոց Կաթողիկոսն ալ կրնայ բարեսիրական մաղ-թանք մը յայտնելու. մաղթանք՝ որ չի կրնար մեկնաբանուիլ իբրեւ «պետութեան գործերուն միջամտելու» արարք. նման մեկնաբանութիւն միայն կրնայ նկատուիլ դեմակոկիայի փայլուն նմոյշ:
Ուրեմն, Վեհափառ Հայրապետին դէմ սկսած են գործել պետութեան գլխաւոր ու պաշտօնական ներկայացուցիչները՝ հզօր թնդանօթները, իշխանամէտ մամուլը, ընկերային ցանցերու կոյուղին եւ, վստահաբար, քօղարկեալ կամ համարձակ աղանդաւորները:
Այստեղ կ՚ուզենք շեշտած ըլլալ ոչ հաճելի «կոյուղի» բացատրութիւնը. որովհետեւ այն բառամթերքը, լեզուական աղաւաղումի այն մակարդակը, հայհոյելու սահմանազանց լրբութիւնը, որ այնտեղ կը դրսեւորուին՝ դժբախտաբար կը բնորոշեն ու կը սահմանեն մեր հասարակութեան հաւաքական բարոյական դիմագիծը: Ու նաեւ՝ կը մակաբերեն այն փաստը թէ 17 դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ կառուցուած հաւատքը Եկեղեցւոյ հանդէպ եւ համարումը՝ եկեղեցականութեան նկատմամբ, սրբուած եւ անհետացած են 70 տարիներու Սովետական անաստուածութեան հետեւանքով, որովհետեւ մարդիկ Եկեղեցիին կամ եկեղեցականին հետ կը խօսին՝ կարծէք խօսէին կոլխոզին ու կոլխոզնիկի հետ:
Գալով պետական վերաբերումին՝ իսկապէս մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այդ. ուրեմն, խորհրդարանի փոխ-խօսնակ Ալէն Սիմոնեան պաշտօնապէս կ՚առերեսուի Կաթողիկոսին հետ, պարզապէս ըսելով, որ Կաթողիկոսը իրաւունք չունի պետութեան գործերուն խառնուելու:
Ոեւէ քաղաքացի իրաւունքն ունի Կաթողիկոսի խօսքն առնելով վերլուծելու, թէ ան որքանո՞վ «կը խառնուի պետութեան գործերուն»: Զարմանալի է, որ Ալէն Սիմոնեան ամենէն փայլուն աստղերէն է նոր իշխանութեան եւ գիտէ իր խօսքին կշիռը եւ միշտ կ՚արտայայտուի կշռադատուած կերպով: Գուցէ իր այս արարքին պատասխանը իր այն մեկնաբանութեան մէջ է, որ ան արտայայտուած է իր յիշեալ ելոյթին վերջաւորութեան թէ՝ «Եւ էլ գուցէ տարբեր մտածեմ երբ աւելի փորձ ձեռք բերեմ»:
Հանրային խորհուրդի նախագահը՝ Ստիոպա Սաֆարեան, նոյնպէս ամենէն փայլուն մեկնաբաններէն մէկն այս նոր իշխանութեան: Մարդիկ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին իր մեկնաբանութիւններուն: Ան չէ բաւականացած մէկ ելոյթով, այլ ունեցած է մէկէ աւելի արտայայտութիւններ, որոնցմէ մէկուն ընթացքին ուրուագծած է քաղաքական հսկայ դաւադրութիւն մը հիներուն կողմէ, որուն - կամայ թէ ակամայ - մաս կը կազմէ Կաթողիկոսը:
Այսպէս, ան կը վերլուծէ տուեալները յայտնաբերելով այդ մեծ դաւադրութիւնը, թէ հիները փորձեցին վրիժառութեան դիմեցին, ետդարձ մը ընել նախ փորձելով իւրացնել դատաիրաւական համակարգը. եւ՝ ձախողեցան. յետոյ գացին եւ փորձեցին Արցախի մէջ դաւադիր կայք մը հաստատել՝ ընտրութիւններու հետեւանքով ձախողեցան. եւ հիմա կը փորձեն այդ դաւադրութիւնը իրականացնել Եկեղեցւոյ միջոցաւ: Վերլուծական այս ընթացքով մեր մեկնաբանը կրնար հասնիլ հոն, ուր, օրինակի համար ըսել, որ համաճարակն ալ քաղաքական հսկայ դաւադրութիւն մըն է, որուն մաս կը կազմէ Կաթողիկոսին այդ պարզ խօսքը: Բարեբախտաբար ան չէ անցած ծիծաղելիութեան այդ սահմանը, որովհետեւ իր վերլուծումը ինքնին արդէն բաւական ծիծաղելի է:
Այս հսկաներուն արտայայտութիւնը բաւարար չըլլար կարծէք, որ իշխանութիւնը հարկ տեսած է իր պաշտօնական խօսնակին՝ Մանէ Գէորգեանի պարտականութիւն տալ Կաթողիկոսի խօսքին հակաճառելու:
Իշխանամէտ մամուլը իր հերթին իր հզօր համազարկը ուղղած է Կաթողիկոսին: Մէկ բան որ յստակօրէն տեսանելի է, այդ մամուլին եւ ընկերային ցանցերու արտայայտութեանց մէջ համադրութիւն մը կայ. բոլորն ալ նոյն փաստարկութիւնները, միեւնոյն շարքով ու միեւնոյն պատճառաբանութեամբ կը դրսեւորեն - այսպէս, թէ ինչո՞ւ կաթողիկոսը միեւնոյն հոգածութիւնը չէ ցուցաբերած «հաց բերող»ին նկատմամբ (երբ Սասնայ Ծռերը պաշարած էին ոստիկանատունը), ինչո՞ւ չէ արտայայտուած երբ ռուս զինուորը Կիւմրիի մէջ ջարդած է Աւետիսեաններու ամբողջ ընտանիքը (փաստօրէն՝ արտայայտուած է, բայց այս խաղին մէջ ո՞վ մտահոգ է ճշմարտութիւնը խոստովանելու), ինչո՞ւ հոգածու չէ եղած Փաշինեանին, երբ բանտարկուած էր ան:
Պարզ է, թէ մութ ձեռք մը կը համակարգէ այս բոլորը: Այլապէս, այսքան զուգադիպութիւն զարմանալի պիտի ըլլար:
Բարեբախտաբար դեռ կան ողջախոհ մարդիկ, պաշտօնական դիրքերու վրայ թէ հասարակութեան մէջ, որոնք զարմացած են եւ գուցէ նաեւ ահաբեկած՝ որ Հայրապետին այս պարզ արտայայտութիւնը կարելի՞ է այսքան քաղաքականացնել: Զարմանալի երեւոյթը այն է, թէ այս իրարանցումին մէջ հանդէս կու գայ նաեւ Դաշնակցութիւնը՝ ի պաշտպանութիւն Էջմիածնի Հայրապետին, 1956-էն ի վեր պայքարելէ վերջ Մայր Աթոռի դէմ:
Այս բոլորին ետին ամենէն մտահոգիչ երեւոյթը այն է, որ նոր իշխանութիւնը այնքան տկա՞ր կը զգայ ինքզինք, որ նման զանգուածային հակադարձութեան մը կը դիմէ:
Այս իշխանութիւնը բոլորիս յոյսն է. ալ ետդարձ չկայ անցեալին: Այս նոր իշխանութիւնը պէտք է վայելէ բոլորին, համազգային տարողութեամբ, զօրակցութիւնը հայրենիքը ոտքի հանելու: Բայց իշխանութիւն եւ իշխանաւորներու այս սրտադող վերաբերումը միայն կարելի է վերագրել տկարութեան, որ իսկապէս մտահոգիչ է:
Ստեղծուած է մթնոլորտ մը, ուր մարդիկ եւ կազմակերպութիւններ կը չափուին մէկ կշիռով - թէ՝ ի՛նչ եղած է անոնց վարկն ու վարքը նախկին իշխանութեանց օրով: Եւ այդ արժեչափին արդիւնքն ալ այն է, որ ստեղծուած են սեւեր եւ սպիտակներ: Պառակտը-ւած հասարակութիւն մը, որ կը դժուարանայ համակամութիւն ստեղծել իր էական խնդիրներուն շուրջ: Դժբախտաբար այս բեւեռացումը, այս պառակտումը խորապէս արմատացած են հասարակութեան մէջ: Կաթողիկոսին խօսքը հանդիսացաւ կայծակի այն շողարձակումը՝ որ լուսաւորեց, երեւան հանեց հասարակութեան այդ անհարթութիւնները:
Ինքնավստահ եւ զօրաւոր պետութիւն մը պէտք է հաւասարակշռութեամբ ընդունէր Վեհափառին արտայայտութիւնը եւ պարզօրէն յայտներ, թէ Վեհափառը, ոեւէ քաղաքացիի նման իրաւունք ունի արտայայ-տըւելու եւ բարեխօսութիւն կատարելու:
Տարբեր հարց թէ պր. Քոչարեան արժանի՞ է այդ բարեխօսութեան: Այդ ալ կը մնայ բոլորին դատողութեան: