ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԵԾ ՀԱՒԱՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից տարեկան ժողով։ Հերթական այս հաւաքին մասնակցեցան 225 եկեղեցականներ, որոնք կը պաշտօնավարեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի եւ Արցախի զանազան թեմերուն մէջ։ Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ թեմակալ առաջնորդներ եւ եպիսկոպոսներ։

Օրուայ սկիզբին, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ հոգեւորականները մասնակցեցան ժամերգութեան, որու աւարտին սկսաւ ժողովը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որ կարգադիր յանձնախումբը կը գլխաւորէր։ Ապա քահանայ հայրեր ներկայացուցին զեկուցումներ։

Հաւաքը եզրափակուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց ժողովի մասնակից եկեղեցականներու նուիրեալ ծառայութեան համար։ «Մենք միշտ հպարտ ենք մեր եկեղեցականներով», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ աւելցուց, որ անոնց կողմէ իրականացուած աշխատանքը յառաջ կը տարուի ամբողջական պատասխանատուութեամբ, առաջին հերթին՝ հաւատքով, աստուածսիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ ու այն գիտակցութեամբ, թէ այդ առաքելութիւնը կը պայմանաւորէ հայ հաւատացեալի աստուածսիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը։ Այդ արժէքներուն շնորհիւ է, որ յարատեւած է հայ ժողովուրդը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ պատգամեց դժուարութիւներու առջեւ չընկրկիլ, միասնաբար ջանալ յաղթահարել զանոնք եւ անշեղ ընթանալ նոյն քաջարի ոգիով։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019