Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
Տ. ԱՐԱՄ ԱՐԱՔ ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՔԱՂԱՔՍ
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, որ վերջին օրերուն ուղեւորութեան մը ձեռնարկած էր դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա, այսօր կը վերադառնայ Թուրքիա։ Ան այցելութեան օրերուն մասնակցեցաւ զանազան եկեղեցական արարողութիւններու եւ տեսակցեցաւ՝ իր այցելած շրջաններու՝ մանաւանդ նախկին թրքահայ հաւատացեալներուն հետ։ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այս ընթացքին մէկտեղուեցաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի հետ։
Նորին սրբազնութիւնը այսօր Պրիւքսէլ-Իսթանպուլ թռիչքով կը վերադառնայ քաղաքս։
Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2024