ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻ 2016-2017 ՇՐՋԱՆԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2016-2017 ուսումնական տարուայ փակման արարողութիւնը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Հանդիսութեան ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու տեսչական, ուսուցչական անձնակազմը եւ ճեմարանի սաները։ Հաւաքոյթը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Այս առթիւ ան ներկայացուց անցեալ ուսումնական տարուան ընթացքին ճեմարանի կեանքէն ներս արձանագրուած ձեռքբերումները։

Տեսուչի ելոյթէն վերջ ճեմարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ երաժշտական կատարումներով՝ ղեկավարութեամբ Արթուր Սրկ. Վարդանեանի։ Յանուն ուսանողութեան արտայայտուեցաւ Անդրանիկ Սրկ. Մինասեան։ Յայտագրին տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ուսման մէջ դրսեւորուած բարձր յառաջդիմութեան, կարգապահութեան եւ այլ արժանիքներու համար յատուկ պարգեւներու արժանացուց զանազան լսարաններու սաներՑերեկոյթը աւարտին հասաւ Նորին Սրբութեան օրհնութեան խօսքով։ Ան այս առթիւ գոհունակութիւն յայտնեց ուսումնական տարուան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր կրթական հաստատութիւններու արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն կապակցութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի, Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցի եւ Թրփանճեան ընծայարանի տեսչական ու դասախօսական կազմերու նուիրեալ ջանքերուն եւ ջանադիր գործունէութեան համար։ Իր խօսքերով, եկեղեցականները կը պատրաստուին ժողովուրդի հոգեւոր սպասաւորութեան ու պէտք է ըլլան կրողը լաւ մարդու, լաւ հայու եւ լաւ քաղաքացիի յատկանիշները։ Հետեւաբար, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ ճեմարանը առաջին հերթին կոչում ունի մարդակերտումի. մարդ, որ Աստուծոյ պատկերին կրողն է, որ կը նմանի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին եւ կ՚առաջնորդուի անոր պատուիրաններով ու պատգամներով։

«Մենք մեծապէս ուրախ ենք, որ այս տարի եւս ունինք շրջանաւարտներ, որոնք մուտք պիտի գործեն միաբանական կեանք եւ իրանց ամբարած գիտելիքները ի սպաս պիտի բերեն իրենց ծառայագործութեան մէջ մեր ժողովուրդին եւ Սուրբ Եկեղեցիին։ Վստահ ենք, թէ մեր շրջանաւարտները կ՚արդարացնեն ինչպէս մանկավարժներու, այնպէս ալ տեսչութեան եւ մեր միաբանութեան սպասումներն ու յոյսերը եւ աւելիով կը նպաստեն մեր եկեղեցւոյ վարկի ու հեղինակութեան բարձրացման։ Բարի ընթացք կը մաղթենք իրենց միաբանական նոր կեանքէն ներս եւ արդիւնաւոր ծառայութիւն՝ ի սէր ի փառս մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ մնացեալ ճեմարանականներուն ալ յորդորեց բարձր գիտակցութիւն դրսեւորել ուսումնառութեան մէջ եւ ամէն ջանք ի գործ դնել՝ իրենց անձերը պատրաստելու համար այն մեծ առաքելութեան, որուն կոչուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017