ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս վերջերս ձեռնադրուեցան երկու նոր քահանաներ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս մասին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
Յուլիս 23 եւ 24-ը պատմական օրեր էին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս՝ երբ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան քահանայ ձեռնադրեց Առաջնորդարանի Ս. Ներսէս ընծայարանէն շրջանաւարտ Վահէ Սրկ. Պաղտասարեանն ու Սարօ Սրկ. Գալայճեանը:
Քահանայական կոչման երարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յուլիս 23-ին, երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Ֆերլոն Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ՝ տրուած ըլլալով, որ զոյգ սարկաւագները հովուական պաշտօնի պատրաստութեան շրջանը անցուցած էին յիշեալ ծուխին մէջ՝ ղեկավարութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեանի:
Յաւարտ արարողութեան տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Իսկ քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցան Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ, Կիրակի Յուլիս 24-ին, առաւօտեան Ս. Պատարագի ընթացքին, ձեռամբ պատարագիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի:
Ներկայ էին շրջանի եւ հեռաւոր վայրերէ եկած հոգեւորականներ, Պոլիսէն յատկապէս ժամանած Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, քահանայութեան թեկնածուներու ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ յոգնախուռն բազմութիւն մը: Օրուան երգեցողութիւնը կատարեց միացեալ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Քրիս Գալֆայեանի: Պատարագիչ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոսի որպէս առընթերակայ կը սպասարկէին Պէյսայտ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան եւ Ուայթ Փլէյնս Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Յովսէփեան: Ս. Խորանին կը սպասարկէին սարկաւագներ եւ Ս. Ներսէս ընծայարանի սաներ:
Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք երբ կարգը եկաւ օծման արարողութեան՝ բոլոր ներկաները անհամբերութեամբ կը սպասէին, որ ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը նորընծաները ի՞նչ անունով պիտի վերանուանէ: Այդ պահուն՝ նորընծաները քահանայական հանդերձներով զգեստաւորուած Ս. Խորան եկան՝ եւ պատարագիչ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը երբ սրբալոյս միւռոնով օծեց Վահէ Սարկաւագի ճակատն ու աջ ձեռքը՝ զայն վերանուանեց Տ. Արմաշ Քահանայ, իսկ Սարօ Սարկաւագը՝ Տ. Աւետիս Քահանայ: Ներկայ եկեղեցականներն ու Ս. Խորանին սպասարկողները մօտեցան նորաօծ քահանայ հայրերուն եւ անոնց ճակատն ու ձեռքը համբուրելէ ետք ներկայացուցին իրենց բարեմաղթութիւնները:
Տ. Արմաշ Քահանայի ձեռնադրութեան խարտաւիլակն էր Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չեւեան եւ կնքահայրը՝ Գրիգոր Քիւչիւքեան, իսկ Տ. Աւետիս Քահանայի խարտաւիլակը՝ Քէյմպրիճ Մասաչուսէցի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Գուզուեան, եւ կնքահայրը՝ Տքթ. Զաւէն Գալայճեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին սկսաւ քահանայական ձեռնադրութեան խորհուրդը մեկնաբանելով եւ շեշտը դնելով քահանային վստահուած կարեւոր եւ պատասխանատու հոգեւոր առաքելութեան վրայ: Սրբազան Հայրը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Գրիգոր Նարեկացիի «Աղօթամատեան»էն հետեւեալ պարբերութիւնը. «Արարածներու Տէր... ի բարին յիշէ մեր մարդկային թշնամիները եւ ողորմութիւն ու քաւութիւն պարգեւէ անոնց... մի՛ սատակեր զիս խածնողները. այլ ուղղէ զանոնք, երկրաւոր խոտան բարքերը խլելով՝ բարի բարք արմատացուր իմ եւ անոնց մէջ», եւ ըսաւ, որ նոյն բնաբանը, մօտ ամիս մը առաջ գործածած էր Հռոմի Քահանայապետը երբ Հայաստան այցելած էր եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողքին միջեկեղեցական աղօթքի արարողութիւն կը կատարուէր, եւ աւելցուցած է. «Ամբողջ աշխարհը կարիքը ունի այս պատգամին»: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ այսօրուան ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը հոգեփոխութեան խորհուրդը կը ներկայացնէ, այս երկու երիտասարդները, որոնք ուխտած են հետեւելու մեր Տիրոջ ուղիին եւ իրենց եկեղեցւոյ եւ ազգային ծառայութեան՝ Սուրբ Հոգիի շնորհին արժանացած են: Ճիշդ է, որ զանոնք փոխուած պիտի տեսնենք իրենց քահանայական զգեստներուն մէջ՝ սակայն հոգեփոխութիւնը կարելի չէ տեսնել մարդկային աչքով՝ որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հոգիին մէջ կը զգայ այդ փոփոխութիւնը: Ապա, Սրբազան Հայրը առանձին առանձին ներկայացուց նորընծաները՝ անոնց մասին տալով կենսագրական տեղեկութիւններ եւ արտայայտուելով անոնց արժանիքներուն մասին:
Պատարագի աւարտին՝ պատարագիչ Սրբազան Հայրը, սարկաւագներն ու Ս. Խորանին սպասարկողները թափօրով դուրս ելան Մայր տաճարէն, իսկ նորաօծ Տ. Արմաշ եւ Տ. Աւետիս քահանայ հայրերը մնացին տաճարի դասին մէջ, ուր բոլոր ներկաները եկան եւ համբուրելէ ետք սրբալոյս միւռոնով օծուած անոնց ձեռքերը՝ շնորհաւորեցին զանոնք:
Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը նոյն պահուն հեռասփռուեցաւ, եւ անոնք՝ որոնք կարելիութիւնը չունեցան ներկայ գտնուելու այս հոգերար արարողութեան՝ կրցան հետեւիլ համակարգիչի միջոցաւ: Հեռասփռումը շատ յաջող էր՝ ինչպէս նաեւ անոր ընկերացող մեկնաբանութիւնները՝ Առաջնորդարանի «Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ» տեղեկատուութեան կեդրոնի վարիչ Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեանի կողմէ: Բոլոր երգուած շարականներուն ու արտասանուած աղօթքներուն անգլերէն լեզուով անփոփ թարգմանութիւնը նոյն պահուն Հայր Սուրբը կը ներկայացնէր, առաւել՝ անհրաժեշտ մեկնաբանութիւններ եւ բացատրութիւններ կու տար Ս. Պատարագի եւ ձեռնադրութեան ու օծման արարողութեան մասին:
Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեան եւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Գալայճեան քառասունքի շրջանը պիտի անցընեն Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ, որմէ ետք՝ Տ. Արմաշ հովիւ նշանակուած է Օրլանտօ Ֆլորիտայի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ (առաջին հովիւը այս եկեղեցւոյ), իսկ Տ. Աւետիս՝ Ռէյսին Ուիսքանսընի Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք նորաօծ քահանայ հայրերուն իրենց նոր եւ պատասխանատու առաքելութեան մէջ:
Առաջնորդարանի «Հայկ եւ Ալիս Գավուքճեան» շքեղ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութեան ճաշկերոյթը, որուն բացման աղօթքն ու սեղանի օրհնութիւնը կատարեց նորաօծ Տ. Աւետիս Քահանային հայրը՝ Տ. Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեան: Օրուան հանդիսավարն էր Տքթ. Նիքոլ Վարդանեան: Նորաօծ քահանաներուն «կենաց» առաջարկեցին կնքահայրեր՝ Գրիգոր Քիւչիւքեան եւ Տքթ. Զաւէն Գալայճեան: Իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին Օրլանտօ Ֆլորիտայի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արամ Նազարեան եւ Ռէյսին Ուիսքանսընի Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Սթիւ Ճենկոզեան, ինչպէս նաեւ Պոլիսէն ժամանած Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան: Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցաւ երգչուհի Տանիելլա Աշպահեան: Խօսք առին նաեւ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման խարտաւիլակները՝ Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չեւեան եւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Գուզուեան: Որպէս ձեռնադրուած քահանայ իրենց առաջին ելոյթը ունեցան Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեան եւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Գալայճեան: Ճաշկերոյթին փակման խօսքն ու աղօթքը կատարեց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան:
Տ. ԱՐՄԱՇ ՔՀՆՅ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Ծնած է Պոլիս, 1971 թուականի Սեպտեմբեր 10-ին: Փոքր տարիքէն սկսած է ծառայել Հայ Եկեղեցւոյ որպէս դպիր եւ դպրաց դասու անդամ: Մօտ ութ տարի ան պաշտօնավարած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին մէջ՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան Պատրիարքի հսկողութեամբ:
Ան հետեւած է Պոլսոյ «Ըշըք լիսէ»ի եւ «Օլ Սէյնթս Փրեսպիթերիէն Չէօրչ»ի դասընթացքներուն եւ վկայուած է Հին եւ Նոր Կտակարանի վկայականով: Պոլսոյ «Քիւլթիւր» համալսարանէն վկայուելէ ետք՝ 1998-ին եկած է Միացեալ Նահանգներ եւ սկսած է ծառայել Եունիըն Սիթի Նիւ Ճըրզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ: Նոյն ատեն ոսկերչութեամբ զբաղած է:
Փետրուար 2, 1999-ին, կիսասարկաւագի աստիճան ստացած է Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ձեռամբ, եւ Մարտ 23, 2002-ին, սարկաւագ ձեռնադրուած է: Քաջալերութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ 2012-ին ան սկսած է յաճախել Ս. Ներսէս ընծայարան եւ 2015-ին շրջանաւարտ եղած է: Նիւ Եորքի «Հանթըրզ գոլէճ»ի մէջ Անգլերէն լեզուի եւ քերականութեան եւ Նիւ Եորքի «Պարուխ գոլէճ»ի մէջ Անգլերէն յառաջացեալ խօսելավարժութեան դասընթացքներուն հետեւած է, ինչպէս նաեւ՝ «Ճենըրըլ Թէոլոճիքըլ սեմինըրի»ի Հովուական աստուածաբանութեան եւ Հովուական հոգեբանութեան դասընթացքներուն: 2015 թուականի ամրան՝ «Փալիսէյտ մետիքըլ սենթըր»ի մէջ հետեւած է Դարմանատնային հովուական կրթութեան եւ ստացած է վկայական: 2015-էն մինչեւ թուականս կը հետեւի հովուական պաշտօնի պատրաստութեան ծրագիրին Ֆէրլոն Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ՝ ղեկավարութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեանի:
Ամուսնացած է Մարանի հետ եւ բախտաւորուած են մանչ զաւակով մը՝ Նաթանիէլ:
Տ. ԱՒԵՏԻՍ ՔՀՆՅ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ծնած է 1975 թուականի Օգոստոսի 23-ին: Շատ կանուխէն ան անդամ եղած է Ուաշինկթըն Տի. Սի.-ի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Շրջանաւատ եղած է եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանէն: Եղած է վարչական օգնականը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Հայց. Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց կազմակերպութեան կրտսերներու, երէցներու եւ կազմակերպութեան կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ, Ս. Խորանի սպասարկող, Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ, թեմական պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ վարիչ Հայ ամերիկեան կրթական կազմակերպութեան:
Ան պատասխանատու պաշտօններ վարած է ամերիկեան ծանօթ հաստատութիւններու մօտ: Ապա աշակերտած է Առաջնորդարանի Ս. Ներսէս ընծայարանը եւ Ս. Վլատիմիր ճեմարանը, զորս աւարտած է 2014-ին՝ ստանալով Աստուածաբանութեան մագիստրոսի տիտղոսը: Իսկ Փիլիսոփայութեան Պսակաւորի տիտղոսը՝ Մերիլենտի համալսարանէն: Հովուական պաշտօնի պատրաստութեան ծրագիրին հետեւած է Ֆերլոն Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ՝ ղեկավարութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեանի: Սարկաւագ ձեռնադրուած է 2014 թուականի Նոյեմբերի 30-ին՝ ձեռամբ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի:
2015-2016 տարիներուն մեկնած է Ս. Էջմիածին եւ հետեւած՝ արեւմտահայերէնի, գրաբարի, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ հայրաբանութեան դասընթացքներուն:
Ան զաւակն է հանգստեան կոչուած Տ. Վրթանէս Ա. Քհնյ. եւ երէցկին Անահիտ Գալայճեաններու: Ան Ամուսնացած է Քարէնի հետ եւ բախտաւորուած են երկու զաւակներով՝ Արամ եւ Արեւ:
Եկեղեցական
- 11/27/2024