ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Շուէտի խորհրդարանի նախագահ Անտրէաս Նորլենը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւր պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Լենա Նազարեան, ներկայ էին նաեւ երկու երկիրներու դեսպանները։
Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Հայաստանի եւ Շուէտի միջեւ յարաբերութիւնները կը սերտանան՝ նպաստելով համագործակցութեան սերտացման։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Շուէտի կողմէ Հայաստանի ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի տեւողութեան անդրադարձաւ Շուէտի հայ համայնքի եկեղեցական կեանքին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անհրաժեշտ պայմաններու ապահովման համար։
Իր կարգին, Անտրէաս Նորլեն նշեց, որ ծանօթ է Հայ Եկեղեցւոյ հարուստ պատմութեան, ապա անդրադարձաւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան այցելութեան նպատակներուն եւ ակնկալութիւններուն։
Աւելի վերջ անդրադարձ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդի դաւանած քրիստոնէական արժէհամակարգին, Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան արժէքներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպատակով գործադրուած ջանքերուն։
Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը հիւր պատուիրակութեան մաղթեց առաքելութեան բարի արդիւնաւորում։