ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) Տնօրէններու եւ հոգաբարձուներու խորհուրդներու անդամները։ Վեհարանի մէջ Նորին Սրբութեան կողմէ հիւրընկալուած խումբին մաս կազմեցին նաեւ ՀՕՖ-ի բարեկամներն ու բարերարները, որոնք այս շրջանին Հայաստանի մէջ համախմբուած են այդ կառոյցի գործունէութեան 30-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներուն առթիւ։
Հանդիպման սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ՀՕՖ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ ՀՕՖ-ի Տնօրէններու խորհուրդի ատենապետ Ռեմպի Սապաահ-Կիւլեան։ Այս վերջինները անդրադարձան հիմնադրամի անցած ուղիին եւ ծաւալած գործունէութեան։
Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն՝ բարձրօրէն գնահատելով այն օգտաշատ աշխատանքը, որ ՀՕՖ-ի ջանքերով իրականացուած է Հայաստանի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ խօսեցաւ ՀՕՖ-ի կարեւոր եւ արժէքաւոր զօրակցութեան մասին, զոր ցուցաբերուած է հայ ժողովուրդին ի նպաստ զանազան ոլորտներուն մէջ։ Մասնաւորապէս իր գնահատանքը փոխանցելով ՀՕՖ-ի առաքելութեան սատարող բարեկամներուն ու բարերարներուն նկատմամբ՝ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ՀՕՖ-ի պատասխանատու մարմիններուն, որպէսզի շարունակեն իրենց հայրենանուէր ծառայութեամբ օժանդակութիւն բերել հայ ժողովուրդին եւ նպաստել Հայաստանի զօրացման ու յառաջընթացին։
Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին Հայաստանի անկախութեան տա-րիներուն։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ իրականացուող ընկերային ծրագրերուն, որոնք ունին շարունակական բնոյթ։ Ներկայացնելով եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ եկեղեցին մշտապէս կ՚ապրի աստուածաշնորհ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ՝ իր առաքելութիւնը իրագործելով Աստուծոյ զօրակցութեամբ, հոգեւոր դասու եւ եկեղեցանուէր հայորդիներու նախանձախնդրութեան ու նուիրումին շնորհիւ։ Այս կապակցութեամբ Վեհափառ Հարապետը գնահատանք յայտնեց այն բոլոր հայորդիներուն նկատմամբ, որոնք զօրավիգ կը հանդիսանան Հայոց Եկեղեցւոյ, կ՚օժանդակեն Մայր Աթոռի ծրագրերուն եւ որոնց ջանքերուն շնորհիւ եկեղեցական կեանքը կը պայծառանայ եւ յառաջընթաց կ՚ապրի։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հանգամանօրէն պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Մայր Աթոռի գործունէութեան զանազան ոլորտներուն։ Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, թէ Տէրը օրհնէ ՀՕՖ-ի անդամները, բարեկամներն ու բարերարները եւ անոնց զօրավիգ հանդիսանայ իրենց բոլոր ազգօգուտ նախաձեռնութիւններուն մէջ։