ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին մեկնած էր Իտալիա, ուր Վատիկանի մէջ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենար, աւելի վերջ ալ Միլանօ անցնելով պիտի տեսակցէր իտալահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Արցախի մէջ պատերազմի վերսկսման հետեւանքով Նորին Սրբութիւնը որոշեց անմիջապէս ընդհատել իր ուղեւորութիւնը ու ճանապարհ դուրս եկաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Վատիկանէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ Սրբազան Պապին հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած սերտ յարաբերութիւններուն եւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան։ Երկու հոգեւոր պետերը կանգ առին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հետ շփման գծի ամբողջ երկայնքով սանձազերծուած գործողութիւններուն վրայ, որոնց հետեւանքով զոհեր կան նաեւ խաղաղ բնակչութեան մէջ։ Ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց Կաթոլիկ քոյր եկեղեցւոյ եւ անոր Հովուապետի ձայնը։ Դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ դրսեւորուած բռնութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ միայն Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի եւ արդարութեան հռչակումով հնարաւոր պիտի ըլլայ վերահաստատել խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։ Երկու հովուապետները աղօթք բարձրացուցին խաղաղութեան վերականգնման համար։ Վատիկանի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Սրբազան Պապը կ՚աղօթէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան համար։

Բաց աստի, երէկ առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Պետրոսի տաճարէն ներս մատուցուած Ս. Պատարագին։ Արարողութեան ընթացքին պատարագիչ Լազարի Արքեպիսկոպոսը ողջունեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ներկայութիւնը։ Ան սրբազան արարողութեանց մասնակից եկեղեցականներուն եւ հաւատացեալներուն տեղեկացուց վաղ առաւօտեան վերսկսած հակամարտութեան մասին։ Լազարի Արքեպիսկոպոսը ներկաներուն անունով զօրակցութիւն յայտնեց Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին՝ աղօթելով Արցախի եւ արցախահայութեան անվտանգ ու ապահով կեանքի վերահաստատման համար։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Կարտինալ Քոխի եւ Կարտինալ Սանտրիի հետ։ Շփումներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Վատիկանէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերադարձի ճանապարհին Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ պատգամով մը, որով համայն հայութեան յորդորեց ըլլալ միասնական, իսկ քաղաքական բոլոր ուժերուն՝ ստորադասել հակասութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ան պետական աւագանիի նկատառման յանձնեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջական զօրակցութիւնը։

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ աղօթք կատարուեցաւ Արցախի անսասանութեան եւ Հայոց բանակի ամրութեան համար։ Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ կատարուեցաւ աղօթքը, որուն հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Միաբան հայրեր միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ հայցելով Տէրը ապահով ու անվտանգ պահէ Հայոց Արցախ աշխարհը եւ անառիկ Հայաստանի սահմանները։ Անոնք աղօթեցին, որ Տէրը շուտափոյթ խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախի ժողովուրդին։

Իր կարգին, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանն ալ հանդէս եկաւ կոչով մը, որու ընթացքին բոլորը հրաւիրեց աղօթքի մէջ միասնութեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020