ՀՈԳԵՒՈՐ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ կը շարունակուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը։ Թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին ձօնուած է Նորին Սրբութեան ուղեւորութիւնը, որ առիթ հանդիսացած է հոգեւոր մեծ ցնծութեան։ Վաղը Նորին Սրբութիւնը պիտի պատարագէ Լոս Անճելըսի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ։ Սա պիտի բնորոշէ հովուապետական այցելութեան գագաթնային փուլերէն մին։ Արեւմտեան Թեմէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր պատրաստութիւններ կը տեսնուէին՝ որպէսզի հաւատացեալ ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունենայ հաղորդ դառնալու հայրապետական Ս. Պատարագի մթնոլորտին։

Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը վերջին օրերուն Արեւմտեան Թեմի հայկական զանազան հաստատութիւնները այցելելով բաժնեց իր օրհնութիւնները։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Վաչէ Մանուկեան» վարժարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ աշակերտութեան հետ։ Նորին Սրբութիւնը դպրոցի սաներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ։ Դպրոցի կրթական մշակներուն անունով հնչած խօսքէն վերջ աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական կատարումներ։ Վեհափառ Հայրապետն ալ աշակերտներուն, մանկավարժներուն եւ դպրոցի պատասխանատուներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։ Ան կրթական հաստատութեան համար նուիրեց նաեւ խաչքարի մանրակերտ մը։

Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս այցելեց նաեւ «Արարատ տուն», ուր կը խնամուին հայ տարեցներ։ Հաստատութեան խնամակալ մարմնին նկատմամբ իր գնահատանքը արտայայտելով՝ Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց այնտեղ տարուած աշխատանքը։ Նորին Սրբութիւնը շատ ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեց տարեցներուն նկատմամբ, որոնց փոխանեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ Նորին Սրբութիւնը հաստատութեան նուիրաբերեց Գէորգ Սուրէնեանցի «Տիրամօր» սրբապատկերի կրկնօրինակը։ Միեւնոյն ժամանակ, Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ կատարուեցաւ «Արարատ տան» նոր մասնաշէնքի յուշաքարի օրհնութեան արարողութիւնը։

Հովուապետական այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան կ՚ընկերանան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Արեւելեան Թեմի Ուաշինկթընի նուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Այցելութեան զանազան փուլերուն ներկայ կ՚ըլլայ նաեւ շրջանի անթիլիասական առաջնորդը՝ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ 

Վաղուան հովուապետական Ս. Պատարագէն վերջ, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Վեհափառ Հայրապետը միօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Մեքսիքա։ Ապա, ան պիտի վերադառնայ Լոս Անճելըս, ուր իր բարձր նախագահութեամբ նախատեսուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2017