ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Կառավարութենէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան պայքարին միտուած քայլերը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը արտայայտեց Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններուն՝ Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան արդար պայքարի ճանապարհին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020