ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Վերջին օրերուն Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւի շրջանակներէն ներս դեկտեմբերի 27-ին բռնութիւն գործադրելու համացանցային սպառնալիքներու առընչութեամբ Մայր Աթոռի մէջ ստացուեցան Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներու մտահոգութեան եւ զօրակցութեան նամակներ, հնչեցին զանազան անհատներու հանրային ելոյթներ եւ Ազգային Եկեղեցին պաշտպանելու կոչեր։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մեծապէս կը գնահատէ իր  զաւակներու հաւատաւոր հոգին, նախանձախնդրութիւնն ու հաւատարմութիւնը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հանդէպ՝ յորդորելով պահպանել հանգստութիւնն ու հանդարտութիւնը եւ չազդուիլ նման սադրիչ յայտարարութիւններէ։

Ամենայն Հայոց Հայրապետի հայրական յորդորն է՝ տարեվերջեան Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը անցընել խաղաղ մթնոլորտի մէջ եւ աղօթել հայրենի մեր երկրի անսասանութեան եւ ազգի միասնականութեան, անվտանգ ու ապահով կեանքի համար։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

(26 դեկտեմբեր 2020թ.) 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020