ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթական հարցերով ենթախումբը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանէ ներս իշխանութիւններու կողմէ նախատեսուած աղմկայարոյց կրթական բարեփոխումներուն եւ այս կապակցութեամբ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեանի կողմէ վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին արտայայտուած դիրքորոշումներուն։ Նախարարը մասնաւորապէս խօսած է «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի շուրջ։ Ծանօթ է, որ բարեփոխումները կը նախատեսեն գրեթէ կրթական ծրագրէն դուրս թողուլ այդ առարկայի դասաւանդումը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթական հարցերով ենթախումբի երէկուան յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։
*
Օրեր առաջ կրթական փոփոխութիւններու գործընթացի վերաբերեալ իր հրապարակային խօսքին մէջ նախարար Վահրամ Տումանեան անդրադարձ կատարեց նաեւ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկային ապագայ դասաւանդման։ Յիշեալ հարցը անցեալ 12 փետրուարին քննարկուած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթական հարցերով ենթախումբի եւ նախարարի ու նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին, որու վերջնարդիւնքները արձանագրուած են փոխանակուած նամակներով։
Ըստ էութեան, նախարարը կրկնեց նախապէս նախարարութեան կողմէ արդէն իսկ առաջարկուած անկատար նոյն լուծումը, որու համաձայն՝ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի համար 236 դասաժամի փոխարէն կը նախատեսուի տրամադրել ընդամէնը 64 դասաժամ։
Սոյն մօտեցումը բացարձակապէս անընդունելի է թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ազգային շահերու տեսանկիւնէն եւ խոր հակասութեան մէջ է Սահմանադրութեան 18-րդ յօդուածի հիմնադրոյթներուն հետ։ Առաւել անհանդուրժելի է, երբ այդ մէկը կը մատուցուի փոխզիջման անուան ներքեւ։ Սերունդներու ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցին մէջ փոխզիջումային գործելաոճը ուղղակի կործանարար է։ Նախարարութեան առաջարկած այս մօտեցումով ի չիք կը դարձուին «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման 16 տարիներու ընթացքին մեծ դժուարութեամբ արձանագրուած արդիւնքները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթական հարցերով ենթախումբը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը, թէ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան իր ողջ ծաւալով պէտք է ընդգրկուած ըլլայ պարտադիր ուսուցանուող առարկաներու ցանկին վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, ենթախումբը կը շարունակէ արտայայտել իր պատրաստակամութիւնը՝ բարեփոխումներու ենթարկելու համար «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ծրագիրը, մասնակցիլ դասագիրքերու խմբագրման եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման՝ յիշեալ գործընթացներու շրջանակներէն ներս անարձագանգ չթողելով մասնագիտական եւ ազգային-հասարակական շրջանակներէ հնչող որեւէ առաջարկ։
Հարկ է ընդգծել, որ եկեղեցին սկիզբէն եւեթ խիստ վերապահումներ ունեցած եւ արտայայտած է կրթական բարեփոխումներ կոչուած ծրագրի վերաբերեալ, որովհետեւ թէ՛ ընդհանուր եւ թէ առարկայական չափորոշիչներու մէջ եւ անոնց շուրջ նախաձեռնուած քննարկումներու ընթացքին արձանագրուած են սկզբունքային շարք մը բացթողումներ եւ առերեւոյթ հակասահմանադրական դրսեւորումներ։
Կրթական բարեփոխումներու նպատակներու, հետեւաբար եւ անոնց արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ կասկածները առաւել կը խորանան, որովհետեւ այդ ուղղութեամբ իշխանութեան իրաւասու պաշտօնեաներու եւ ի մասնաւորի կրթութեան պետական լիազօր մարմնի ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնները փարատող՝ հիմնաւոր ու առարկայական որեւէ բացատրութիւն չէ տրուած։ Մինչդեռ ակնյայտ է, որ յիշեալ բարեփոխումներու շրջանակներէն ներս հարուածի տակ դրուած են հայագիտական առարկաները, կտրականօրէն նուազած են սերունդները ռազմահայրենասիրական ոգիով դաստիարակելու հնարաւորութիւնները։ Աւելորդ կը համարենք բացատրել, թէ որքան անհրաժեշտ է այդպիսի կրթութիւն մեր երկրին ու ժողովուրդին, որոնք կը գտնուին գոյաբանական վտանգներու եւ պատերազմի մշտական սպառնալիքի առջեւ։
Կրթական բարեփոխումներու գործընթացի իրականացման նման պայմաններուն մէջ առկայծող մեր միակ յոյսը այն է, որ հանրակրթութեան ոլորտի մէջ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի՝ որպէս պարտադիր բաղադրիչ, ամբողջական ծաւալի պահպանումով հնարաւոր ըլլար լրացնել այն բացը, որ ձեւաւորուած է ազգային ինքնութեան եւ հոգեւոր դաստիարակութեան ոլորտին մէջ։
Արդ, նկատի ունենալով իշխանութիւններու կողմէ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան պարտադիր առարկայացանկէն հնարաւորինս դուրս մղելու ուղղեալ հետեւողականօրէն իրագործուող ապազգային քաղաքականութիւնը՝ Մայր Աթոռի Կրթական հարցերով ենթախումբը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ՝ կանխելու համար կործանարար այս մօտեցումը եւ հասնելու մեր ժողովուրդի կենսական շահերուն ծառայող իր՝ թէ՛ պատմական, թէ՛ բարոյական եւ թէ իրաւական պահանջներու կատարման։
Որպէս վերջաբան տեղին կը համարենք վկայակոչել միջնադարեան բազմաշնորհ ու լայնախոհ մեր հայրերէն Ներսէս Արք. Լամբրոնացիի խիստ այժմէական պատգամը. «Ամենայն ազգ զիւր հարց աւանդութիւն պինդ կալցի»։
Թող Աստուած զօրացնէ մեր ժողովուրդը՝ իր ինքնութեան համար մղուող հոգեւոր ու մարմնաւոր պատերազմներու մէջ. ամէն։