ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցած եպիսկոպոսաց հաւաքի ընթացքին քննարկուեցան քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած քայլերը եւ կարիքաւոր ընտանիքներու ի նպաստ իրականացուած աջակցութեան ծրագրերը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առընչութեամբ կարեւոր նկատեց, որ հոգեւոր հովիւներու կողմէ լուսաբանման աշխատանքներ իրականացուին՝ զօրավիգ ըլլալու համար պետական կառոյցներուն համավարակի կանխարգիլման ուղղեալ գործողութիւններու մէջ։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ հոգեւոր հովիւները պէտք է ժողովուրդին յորդորեն խստօրէն հետեւիլ պարետատան կողմէ սահմանուած առողջապահական կանոններուն եւ դրսեւորելու հանրային բարձր գիտակցութիւն։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի հանրակրթութեան պետական չափորոշիչի նախագծին եւ այս կապակցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կրթական հարցերով ենթայանձնախումբի դիրքորոշման։ Այս ծիրին մէջ պետական պատկան մարմիններուն յորդոր ուղղուեցաւ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկել փաստաթուղթը՝ նկատի ունենալով բովանդակութեան մէջ տեղ գտած հայեցակարգային էական բացթողումները։ Խորհրդակցութեան ընթացքին որոշուեցաւ հետեւիլ այս նիւթի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն եւ այս հարցը նկատի ունենալ ապագայ հանդիպումներու քննարկումներուն ժամանակ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020