ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Լիբանանի Էջմիածնասէր տիկնանց միութեան անդամուհիները։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ թիւով շուրջ քառասուն հիւրերուն։

Հանդիպման սկիզբին միութեան ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեան բոլոր անդամներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ իրենց միութեան 60-ամեակի յոբելեանի առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ներս հիւրընկալութեան համար։ Ան նշեց, որ յոբելեանի առթիւ Սուրբ Էջմիածին այցելելու նման հրաւէրը լաւագոյն գնահատականն է միութեան 60-ամեայ գործունէութեան։ Անահիտ Տանձիկեան միեւնոյն ժամանակ միութեան անդամներուն ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարիներուն իրականացուած բազմաթիւ ծրագրերն ու նախաձեռնութիւնները։ Ան անդրադարձ կատարեց նաեւ միութեան գործունէութեան եւ առաքելութեան։

Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորութիւններ յղեց միութեան հիմնադրութեան 60-ամեակին կապակցութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ անցեալ դարու ծանր շրջաններուն հետեւանքով Մայր Աթոռին կրած վէրքերու դարմանման գործին մէջ Լիբանանի էջմիածնասէր տիկնանց միութիւնը ունեցած է իր մեծ դերն ու աջակցութիւնը։ Սա կը վկայէ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին նկատմամբ մեծ սիրոյ եւ նուիրումի մասին։ Ընդգծելով միութեան ներկայ կարեւոր առաքելութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը օրհնութեամբ ու մասնաւոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տանձիկեան ընտանիքի եւ միութեան անդամուհիներուն մասին՝ իրենց նախանձախնդիր աշխատանքի եւ մշտական զօրակցութեան բերումով։

Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ 60-ամեակի յոբելեանը, ինչպէս նաեւ ընտանիքներով դէպի Հայաստան այս այցելութիւնը՝ հոգեպէս նորոգուելու, լիցքաւորուելու եւ նոր ուժ ստանալու առիթ պիտի դառնայ՝ միութեան յետագայ գործունէութեան ճանապարհին։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նաեւ պատասխանեց միութեան անդամուհիներու հարցումներուն։ Այս փուլին ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Միածնաէջ Մայր Տաճարի ամրակայման ու հիմնանորոգման աշխատանքներու ընթացքին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019