ՀՈԳԵՒՈՐ ԶՕՐԱԿՈՉ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին բոլոր լծակներով շարժման անցած է Արցախի մէջ ծագած պատերազմի պայմաններուն ներքեւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը՝ մասնակցութեամբ սրբազաններու եւ թեմակալ առաջնորդներու։ Վեհափառ Հայրապետը, որ մեկնած է Իտալիա, իր այցելութիւնը ընդհատելով անմիջապէս վերադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ու երէկ առաւօտ իսկ նախագահեց այս խորհրդակցութեան։ Հանդիպումը սկսաւ միասնական աղօթքով եւ Նորին Սրբութեան «Պահպանիչ»ով։ Նորին Սրբութեան նախ զեկոյցներ ներկայացուեցան Արցախի իրավիճակին եւ Ատրպէյճանի հետ շփման գծի երկայնքով ռազմական գործողութիւններու մասին։ Իր կարգին Վեհափառ Հայրապետը տեղեկութիւններ փոխանցեց Վատիկանի մէջ Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպման շուրջ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ նոյն օրը Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարներուն հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներուն։
Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուց քոյր եկեղեցիներու հովուապետներու, կրօնապետներու եւ շարք մը երկիրներու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ գրութիւններ առաքած ըլլալուն մասին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներու եւ թեմերու կողմէ առկայ կացութեան առընչութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը՝ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ Հայոց բանակի։
Թեմակալ առաջնորդներուն կը փոխանցուի Նորին Սրբութեան թելադրութիւնը՝ մասնաւոր հովուական խնամք եւ հոգատարութիւն ցուցաբերել մարտի դաշտի վրայ քաջաբար զոհուած զինուորներու սգացեալ ընտանիքներուն։ Եկեղեցականներու այցելութիւններ կազմակերպել հիւանդանոցներ՝ տեսակցելու համար վիրաւոր զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներուն հետ։ Կարեւոր նկատուեցաւ թեմերէ ներս հոգեւոր հովիւներու քաջալերութիւնը եւ զօրակցութիւնը զինուորագրուող եւ Արցախ մեկնող կամաւորական խումբերուն։ Շրջաբերական կ՚ուղարկուի նաեւ սփիւռքի թեմակալ առաջնորդներուն՝ հայրենիքին ըստ ամենայնի զօրակցելու ցուցումներով։
Որոշուեցաւ այսօր՝ ժամը 17.00-ին, Ս. Գայիանէի վանքէն ներս կատարել Հանրապետական մաղթանք՝ Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան ու անսասանութեան համար։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի թողարկած հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուած է, որ ձեռնարկուելիք մնացեալ քայլերուն մասին յառաջիկային պիտի ծանուցուի։
Միւս կողմէ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը եւ պախարակեց Արցախի վրայ գործուած յարձակումը։
*
ԱՂՕԹՔ
Ո՜վ Տէր, Բեթղեհէմի հաւատքին բացուող առաջին ժողովուրդը եղանք։
Դարե՜ր շարունակ պատմութեան խաւարին ու չարին դէմ ամուր պահեցինք մեր հաւատքը՝ կենդանի ու արեան նահատակութեամբ։
Այսօր նոյն հաւատքով արիացած մեր զին-ւորները քաջօրէն կը պաշտպանեն քրիստոնէական հաւատքի ու արժէքներուն փարոսը դարձած Հայաստանը ու Արցախը եւ նոյն հաւատքին ու արժէքներուն ջահակիրը դարձած հայ ժողովուրդը։
Ո՜վ Տէր, եղիր պահապան մեր զինուորներուն։ Երկնային հովանիին ներքեւ չարէ ու չարիքէ հեռու պահէ Հայաստանն ու Արցախը։ Բժշկութիւն շնորհէ վիրաւորներուն եւ լուսաւորէ հոգիները մեր նահատակներուն։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Սեպտեմբեր 28, 2020