ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։ Այս պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու, Գալիֆորնիոյ (Միացեալ Նահանգներ) Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ սինոդի քարտուղար Եպիսկոպոս Մար Աւա Ռոյէլ։
Հանդիպման սկիզբին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց հիւրերը։ Ապա Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ սինոդի քարտուղար եպիսկոպոս Մար Աւա Ռոյէլ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ Կիվարկիզ Գ. Սլիվա Կաթողիկոս-Պատրիարքի ողջոյններն ու գրութիւնը։
Ողջունելով պատուիրակութեան այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը փոխադարձ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները յղեց իր հոգեւոր եղբօր։
Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ առիթներ ունեցած է այցելելու Հայաստանի զանազան ասորական համայնքները եւ շփուելու անոնց անդամներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ անոնք կը պահպանեն իրենց լեզուն եւ մշակութային առանձնայատկութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը հետաքրքրուեցաւ Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ մերօրեայ առաքելութեան, անոր հովուական իշխանութեան ներքեւ գտնուող աշխարհասփիւռ համայնքներով եւ զանազան երկիրներէ ներս հայկական համայնքներու հետ ձեւաւորուած կապերով։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հիւրընկալեց նաեւ Զուիցերիոյ Աստուածաշնչային ընկերութեան ներկայացուցիչները։ Խումբը կը գլխաւորէր ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Էվա Թոմի։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց Աստուածաշնչային ընկերութիւններու դերն ու առաքելութիւնը Աստուծոյ խօսքի տարածման ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց այն սերտ համագործակցութիւնը, որ ձեւաւորուած է Զուիցերիոյ եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւններուն միջեւ։