ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Սուրբ Հայրերու վարքն ու կենցաղավարութիւնը» ժողովածոյի առաջին հատորը։ Տասնինն գլուխներու մէջ ամփոփուած վանական-անապատական բարոյախօսութիւնը իւրայատուկ թեմաթիկ ուղեցոյց մըն է բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին անապատական հայրերու հոգեւոր փորձառութեան ծանօթանալ եւ անոնք առօրեայ կեանքի մէջ ունենալ իբրեւ լուսաբանող օրինակներ։
«Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ հրատարակուած է այս գիրքը, որու թարգմանուած բաժիններուն համար աշխատանք տարած են Հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան, Սիրանոյշ Գրիգորեան եւ Վաղարշակ Թանգամեան։ Թարգմանիչներու բուն նպատակը եղած է ընթերցողին հասանելի դարձնել գրաբար թարգմանութեամբ մեր օրերուն հասած այս ժողովածոյի բոլոր հատուածները։
Միւս կողմէ, Ամանորի ընդառաջ Հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2017 թուականի պաշտօնական օրացոյցը։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024