ԱՌԱՋՆՈՐԴԷՆ ՆԱՄԱԿ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի։ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի դիւանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ թեմակալ առաջնորդը այդ նամակը Սպիտակ տուն ուղարկած է՝ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութենէն անմիջապէս վերջ։

Նորին սրբազնութիւնը նամակին մէջ մատնանշած է ամերիկահայ համայնքի մտահոգութիւններն ու սպասումները, որոնց առանցքին կը գտնուին Հայաստանն ու Արցախը։ Առկայ իրավիճակին մէջ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան առանձնապէս մատնանշած է Արցախի ճանաչման հարցը, կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներով հանդերձ։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծած է, որ Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրներուն առընթեր, ամերիկահայ համայնքի մտահոգութիւններուն առարկայ կը գտնուին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքներու անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերը։

Հուսկ նամակի եզրափակիչ բաժնին մէջ, Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան նախագահ Ճօ Պայտընը հրաւիրած է պատուել Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Առաջնորդանիստ Մայր տաճարը, որ ՄԱԿ-ի կեդրոնէն հազիւ քանի մը պլոք հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021