ՊԱՏԳԱՄ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այս շաբաթավերջին կը տօնախմբէ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը։ Տօնական աւետիսով կը վերահաստատուի, կը վերանորոգուի աշխարհացրիւ հայութեան հոգեւոր միասնականութիւնը։ Բոլորին կը հասնի Հայոց Եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջը, որ կ՚ազդարարէ Սուրբ Զատիկը։

Տաղաւարի առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաղը պիտի պատարագէ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ։ Հայրապետական Սուրբ Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի տայ տաղաւարի պատգամը, որուն կը սպասէ աշխարհասփիւռ իր հօտը։ Վեհափառ Հայրապետի խօսքով պիտի բնորոշուի այս տարուայ Սուրբ Զատկին նշանակութիւնը։

Շաբաթ, Ապրիլ 3, 2021