ՆԱԽԱՐԱՐ ԹԱՆԴԻԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանը։ Վեհափառ Հայրապետը նախարարը շնորհաւորեց նշանակման առթիւ եւ փոխանցեց արդիւնաւէտ աշխատանքի իր բարեմաղթանքները։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ընկերային ոլորտէ ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ իրականացուող ծրագրերուն, մասնաւորապէս՝ երեխաներու պաշտպանութեան ուղղուած խնամքի կեդրոններուն։ Այս առընչութեամբ քննարկուեցան նախարարութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակին միջեւ գործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Զրոյցին ներկայ գտնուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Մարկոս Քահանայ Մանկասարեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018