ՎԱՂԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՋՐՕՐՀՆԷՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Յաւարտ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, նորօրհնեալ Յաղթութեան Սրբալոյս Միւռոնով պիտի կատարուի Ջրօրհնէքի արարողութիւն։
Մինչ այդ, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ «Միւռոնօրհնութիւնը ԺԹ.-ԻԱ. դարերուն» փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ժողովածոն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արխիւի եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի համատեղ ջանքերով հրատարակուած այս վաւերագրերը կը լուսաբանեն 19-21-րդ դարերուն Միւռոնօրհնութեան եւ միւռոնի առաքման գրեթէ բոլոր առանցքային հարցերը։ Ժողովածոյին մէջ ընդգրկուած են նաեւ 2001 եւ 2008 թուականներու միւռոնօրհնութիւններուն վերաբերեալ նիւթեր, ինչպէս նաեւ պատմական լուսանկարներ եւ ցարդ չհրատարակուած նիւթերու ցանկեր։ Այս ժողովածոն կազմած եւ ծանօթագրած է Հայաստանի Ազգային արխիւի աշխատակիցներէն պատմաբան Գոհար Աւագեան։
Գիրքը տպագրուած է մեկենասութեամբ ամերիկաբնակ Տիրան եւ Քնար Եղբայրեան ամոլին։