ՍՓԻՒՌՔԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերէն ուխտաւորներ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի սրահի երդիքին տակ ուխտաւորները ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին՝ գլխաւորութեամբ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի։
Նորին Սրբութիւնը զրոյցի ընթացքին կարեւորեց սփիւռքի դերակատարութիւնը եւ ուխտաւորներուն պատգամեց զօրավիգ ըլլալ Հայաստանին, Արցախէն տարհանուած, հայրենազրկուած հայերուն ու ջանք չխնայել Մայր Հայաստանի շէնացման ու զօրացման համար։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց նաեւ Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաճճարին, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։