Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Սուրբ Էջմիածնի վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ արդէն հոգեւոր կեանքի եռուզեռն ու ուրախութիւնը զգալի են։ Շաբաթավերջին պաշտամունքի վերաբացուած Մայր Տաճարին մէջ այս օրերուն ամէն երեկոյ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ։ Երեկոյեան ժամերուն կը մատուցուին այս սուրբ պատարագները, որոնց հոծ թիւով հաւատացեալներ մասնակցութիւն կը բերեն։ Առաջին սուրբ պատարագները կը մատուցուին նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանէն վերջ Մայր Տաճարի մէջ պատարագեց նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միաբաններէն Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, որ Միւռոնօրհնութեան ատեն ներկայացուցած էր Սուրբ Աթոռը։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2024
Եկեղեցական
- 11/26/2024