ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որ նուիրուած էր մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանին։ Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Բարձր փորձագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, մշակոյթի գործիչներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ եւ այլ հիւրեր։ Արարողութեան ընթացքին կնքուեցաւ «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ թողարկուած, Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած նամականիշը։ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը։

Յայտագրի տեւողութեան հանդէս եկան Հայաստանի պետական Սիմֆոնիք նուագախումբը (գեղարուեստական ղեկավար՝ Սերկէյ Սմբատեան) եւ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը (գեղար-ւեստական ղեկավար՝ Յովհաննէս Չեքիճեան)։

Յոբելենական հանդիսութեան ժամանակ առաջին անգամ ներկայացուեցան նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի կողմէ հեղինակուած երկու փիէսներ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2019