ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը։ Զրոյցի բովանդակութեան մասին պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած։
Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութեան ստորագրումէն անմիջապէս վերջ, Երեւանի մէջ բռնկած պոռթկումի պայմաններուն ներքեւ ցուցարարներ ներխուժած էին խորհրդարան եւ այդ դէպքերուն ժամանակ ծանրօրէն վիրաւորուած էր Արարատ Միրզոյեան։ Յաջորդած օրերուն ան իրերայաջորդ երկու գործողութիւններու ենթարկուած էր։ Այդ վիրահատութիւններէն վերջ ան բոլորած է նաեւ ապաքինման որոշ շրջան մը, իսկ ներկայիս կը վերադառնայ աշխատանքի։ Այս փուլի սկիզբին Արարատ Միրզոյեան այցելած է Վեհափառ Հայրապետին։ Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած այս զրոյցը ինքնին ուշագրաւ է՝ որքան որ ալ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած անոր բովանդակութեան կապակցութեամբ։
Հարկ է նշել, որ դէպքերու ընթացքին Արարատ Միրզոյեանը ծեծի ենթարկած քանի մը անձեր արդէն ձերբակալուած են։
Մինչ այդ, Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան երեսփոխաններուն հետ, որոնք Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութիւն կը կազմեն։